Լրահոս

ՀԱՄԵՐԳ ՈԳԵԿՈՉՈՒՄԻ

Մոն­րէա­լի «Փլաս Տէ Զար» հա­մեր­գաս­րա­հին մէջ, Մեծ ե­ղեռ­նի 100-րդ տա­րե­լի­ցին ա­ռի­թով, Մոնրէա­լի սիմ­ֆո­նիք նուա­գա­խում­բին հետ հան­դէս ե­կաւ աշ­խար­հահռ­չակ յօ­րի­նող Քրիս­տոֆ Փան­տե­րեց­քի, որ ան­ձամբ ղե­կա­վա­րե­լով երգ­չա­խում­բը՝ ունկն­դիր­նե­րուն հրամ­ցուց Մեծ ե­ղեռ­նի զո­հե­րուն յի­շա­տա­կին նուի­րուած «Սաղ­մոս Գ» ստեղ­ծա­գոր­ծու­թիւ­նը։

ԴԻՄՈՒՄ ԻՒՆԷՍՔՕ-ԻՆ

Թուր­քիա դի­մած է ԻՒ­ՆԷՍ­ՔՕ-ին՝ Վա­նի բեր­դը հա­մաշ­խար­հա­յին ժա­ռան­գու­թեան ցու­ցա­կին վրայ ընդգր­կե­լու հա­մար։ «Րա­տի­քալ»ի հա­ղորդ­մամբ, Վա­նի Մշա­կոյ­թի եւ զբօ­սաշր­ջու­թեան վար­չու­թեան պետ Մու­զաֆ­ֆէր Աք­թուղ յայտ­նած է, որ ե­թէ Վա­նի բեր­դը մտնէ ԻՒ­ՆԷՍ­ՔՕ-ի հա­մաշ­խար­հա­յին ժա­ռան­գու­թեան ցան­կին մէջ, ա­պա ա­տի­կա մեծ ճա­նա­չում եւ օ­գուտ պի­տի բե­րէ Վա­նին։

ՆԱԹՕ-Ի ԿԱՐԻՔԸ ՉԿԱՅ

Ռու­սաս­տա­նի օ­դու­ժին կող­մէ Թուր­քիոյ սահ­ման­նե­րուն դէմ կա­տա­րուած ոտնձ­գու­թիւն­նե­րը ար­ձա­գանգ գտած էին նաեւ ՆԱ­ԹՕ-ի մօտ եւ վեր­ջինս յայ­տա­րա­րած էր, որ ե­թէ Թուր­քիա պա­հան­ջէ, ա­պա կրնայ զի­նուոր ու­ղար­կել այն­տեղ։

ՀԱՅԱՍՏԱՆ՝ ՖՐԱՆՔՖՈՒՐԹԻ ՄԷՋ

Հա­յաս­տան յա­տուկ տա­ղա­ւա­րով մը պի­տի մաս­նակ­ցի Ֆրանք­ֆուր­թի գիր­քի մի­ջազ­գա­յին տօ­նա­վա­ճա­ռին, որ այս տա­րի պի­տի կա­յա­նայ 14-18 Հոկ­տեմ­բեր թուա­կան­նե­րուն։ Այս կա­րե­ւոր մի­ջո­ցառ­ման մաս­նակ­ցու­թիւ­նը կ՚ի­րա­կա­նա­նայ Մշա­կոյ­թի նա­խա­րա­րու­թեան եւ Մեծ ե­ղեռ­նի 100-ա­մեա­կի մի­ջո­ցա­ռում­նե­րը հա­մա­կար­գող պե­տա­կան յանձ­նա­ժո­ղո­վի ա­ջակ­ցու­թեամբ

ԹՈՒՐՔ ԶԻՆՈՒՈՐԸ Կ՚ԵՐԹԱՅ ԵՐԵՒԱՆ

Եւ­րո­պա­յէ ներս սո­վո­րա­կան զի­նեալ ու­ժե­րու մա­սին պայ­մա­նագ­րի շրջագ­ծով Թուր­քիա տես­չա­կան այ­ցե­լու­թիւն մը կ՚ու­նե­նայ Հա­յաս­տա­նի մէջ։ Թրքա­կան դի­տոր­դա­կան խում­բի կող­մէ կա­տա­րե­լի այ­ցին զի­նուոր մըն ալ կը մաս­նակ­ցի Սլո­վա­քիա­յէն։

ՆՈՊԷԼԵԱՆ ՄՐՑԱՆԱԿ՝ ԹՈՒՆՈՒԶԻՆ

2015-ի խա­ղա­ղու­թեան Նո­պէ­լեան մրցա­նա­կը շնորհուե­ցաւ Թու­նու­զի Ազ­գա­յին երկ­խօ­սու­թեան քա­ռեա­կին։ Այս մա­սին ե­րէկ յայ­տա­րա­րեց Նոր­վե­կիոյ Նո­պէ­լի յանձ­նա­ժո­ղո­վի նա­խա­գահ Քա­սի Քուլ­ման Ֆի­վէ։

ԿԱՅԱՑԱՒ ԵՐԵՒԱՆԻ ԱՌԱՋԻՆ ԿԻՍԱՄԱՐԱԹՈՆԸ

Ե­րե­ւա­նի մի­ջազ­գա­յին կի­սա­մա­րա­թո­նը կա­յա­ցաւ։ Հա­յաս­տա­նի Աթ­լե­թիզ­մի դաշ­նակ­ցու­թեան նա­խա­գահ, հե­ռա­ցատ­կի Եւ­րո­պա­յի չգե­րա­զան­ցուած մրցա­նի­շի տէր Ռո­պէրթ Էմ­միեա­նի նա­խա­ձեռ­նած մի­ջազ­գա­յին ա­ռա­ջին կի­սա­մա­րա­թո­նը սկսաւ Հան­րա­պե­տու­թեան հրա­պա­րա­կէն։

ԼԱՐՈՒԱԾ ԻՐԱՎԻՃԱԿԻ ԱՌԿԱՅՈՒԹԻՒՆ

Հանրապետութեան նախագահ Րէճէպ Թայյիպ Էրտողան կը սպառնայ Ռուսաստանին՝ ըսելով, թէ այսուհետեւ կազ պիտի չգնէ:
Վլատիմիր Փութինի մամլոյ քարտուղար Տիմիթրի Փեսքով յայտարարեց, թէ Մոսկուայի իշխանութիւնները կը պաշտպանեն նաեւ Թուրքիոյ սահմանները:

ԵՒՐՈԽՈՐՀՈՒՐԴԻ ՊԱՔՈՒԻ ՀԵՏ ԿԱՊԵՐԸ ԽԶՈՒԱԾ

Եւ­րո­պա­յի խոր­հուր­դը յայ­տա­րա­րեց, թէ վերջ կու տայ մարդ­կա­յին ի­րա­ւանց գծով Ատր­պէյ­ճա­նի հետ իր գոր­ծակ­ցու­թեան։ Պատ­ճառն է այդ երկ­րին մէջ մարդ­կա­յին հիմ­նա­կան ի­րա­ւունք­նե­րու ի­րա­վի­ճա­կին կտրուկ վատ­թա­րա­ցու­մը։

Էջեր