ՆՈՐԱՆՇԱՆԱԿ ԴԵՍՊԱՆ
Հայաստանի Նախագահ Սերժ Սարգսեան երէկ ընդունեց Երեւանի մօտ Յունաստանի նորանշանակ դեսպան Նաֆսիքա Նենսի Էվա Վրայլան, որ յանձնեց իր հաւատարմագիրը։ Նախագահ Սարգսեան այս առթիւ շնորհաւորեց դեսպանը նոր պաշտօնին բերումով ու մաղթեց յաջողութիւններ։
Աւստրալիոյ խորհրդարանի 45 -րդ նստաշրջանին Կոլտշթէյն համայնքէն երեսփոխան ընտրուած Թիմ Ուիլսըն առաջին խորհրդարանական ելոյթին ընթացքին խօսեցաւ իր հայկական արմատներուն մասին։ «Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, ըստ տեղւոյն աւանդութեան, ան խորհրդարանական իր առաջին ելոյթին ընթացքին անդրադարձաւ արմատներուն եւ ընտանիքի պատմութեան։
Ամերիկեան Apple ընկերութեան 7-րդ սերունդի iPhone-ի առաջին խմբաքանակը, ըստ չինական լրատուամիջոցներու, արդէն արտահանուած է այլ երկիրներ: Մատակարարուած գրպանի հեռաձայններու ընդհանուր թիւը 371 հազար է:
Երեւանի եւ Թիֆլիզի ամուր բարեկամական կապերը կարեւոր են ընդհանուր առմամբ Հարաւային Կովկասի կայունութեան տեսակէտէ:
Հանրապետութեան նախագահ Րէճէպ Թայյիպ Էրտողան աւարտեց իր շփումները Չինաստանի մէջ, ուր վերջին օրերուն մասնակցեցաւ «G-20»ի գագաթաժողովին։ Ան արդէն վերադարձաւ Թուրքիա։ Իր ուղեւորութեան վերջին օրը Էրտողան Չինաստանի մէջ կարեւոր հանդիպում մը ունեցաւ Ֆրանսայի Նախագահ Ֆրանսուա Օլանտի, Գերմանիոյ Վարչապետ Անկելա Մերքէլի եւ Իտալիոյ Վարչապետ Մաթէօ Ռենցիի հետ։