Լրահոս

ՀԱՅԱՍՏԱՆ ԵՐԿՐՈՐԴ ՀԱՆԴԻՍԱՑԱՒ «ՄԱՆԿԱԿԱՆ ԵՒՐՈՏԵՍԻԼ-2015»Ի ԱՐԴԻՒՆՔԻՆ

Սո­ֆիա­յի մէջ շա­բա­թա­վեր­ջին տե­ղի ու­նե­ցաւ «Ման­կա­կան Եւ­րո­տե­սիլ-2015» մի­ջազ­գա­յին մրցոյ­թը, ո­րու ըն­թաց­քին Հա­յաս­տա­նը ներ­կա­յա­ցուց Մի­քա­յէլ Վա­րո­սեան, որ իր ներ­կա­յա­ցու­ցած «Love» ա­նուն եր­գով նուա­ճեց երկ­րորդ տե­ղը։

ՅԱԿՈԲ ԱՒԵՏԻՔԵԱՆԻ 70-ԱՄԵԱՅ ՅՈԲԵԼԵԱՆԸ

Ե­րե­ւա­նի «Ազգ» թեր­թի գլխա­ւոր խմբա­գիր Յա­կոբ Ա­ւե­տի­քեան շա­բա­թա­վեր­ջին նշեց իր ծննդեան 70-ա­մեայ յո­բե­լեա­նը։ Այս առ­թիւ Հա­յաս­տա­նի հան­րա­պե­տու­թեան նա­խա­գահ Սերժ Սարգ­սեան մաս­նա­ւոր շնոր­հա­ւո­րա­կան մը ու­ղար­կեց Յա­կոբ Ա­ւե­տի­քեա­նին։

ԱՐԹՈՒՐ ԱԲՐԱՀԱՄ ՊԱՀԵՑ ԱԽՈՅԵԱՆԻ ՏԻՏՂՈՍԸ

Հա­յազ­գի ար­հես­տա­վարժ կռփա­մարտ, գեր­մի­ջին ծան­րու­թեան դա­սա­ւոր­ման մէջ WBO վար­կա­ծով աշխար­հի ա­խո­յեան Ար­թուր Աբ­րա­համ շա­բա­թա­վեր­ջին յա­ջո­ղե­ցաւ պահպա­նել իր տիտ­ղո­սը։

ԾԱՒԱԼՈՒՆ ՀԱՇՈՒԵԿՇԻՌ

«Հրանդ Տինք» հիմնարկին նախաձեռնութեամբ շաբաթավերջին կազմակերպուած խորհրդաժողովը համախմբեց հեղինակաւոր մասնագէտներ եւ ազդու գործիչներ:
Փրոֆ. Էլչին Մաճառ զեկուցում մը ներկայացուց Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան անցեալի մէջ առգրաւուած կալուածներուն կապակցութեամբ:

ԽՈՐՀՐԴԱՐԱՆԻ ՆՈՐ ՆԱԽԱԳԱՀԸ՝ ՔԱՀՐԱՄԱՆ

Ազ­գա­յին մեծ ժո­ղո­վը ե­րէկ ընտ­րեց իր նոր նա­խա­գա­հը։ Այս­պէս, խորհր­դա­րա­նէ ներս տե­ղի ու­նե­ցած քուէար­կու­թեան եր­րորդ փու­լի ար­դիւն­քին ԱՔ կու­սակ­ցու­թեան կող­մէ թեկ­նա­ծու ա­ռա­ջադ­րուած Իս­մա­յիլ Քահ­րա­ման ընտ­րուե­ցաւ նա­խա­գահ՝ ա­պա­հո­վե­լով 316 քուէ։

ՓԱՐԻԶ ՄԻՋԻՆ ԱՐԵՒԵԼՔԻ ՀԵՏ ՆՈՐ ԼԵԶՈՒՈՎ ՊԻՏԻ ԽՕՍԻ՞ ԱՐԴԵՕՔ

ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ

Անց­նող Յու­նուա­րին «Շար­լի Էպ­տօ» պար­բե­րա­կա­նի գրա­սե­նեակ­նե­րուն դէմ ե­ղած ա­հա­բեկ­չու­թե­նէն ետք Փա­րի­զդար­ձեալ դար­ձաւ մի­ջազ­գա­յին լրա­հո­սի գլխա­ւոր ա­ռանցք: Ար­մատ­նե­րով Մա­րո­քէն եւ­րո­պահ­պա­տակ Ապ­տիւլ Հա­միտ Ա­պա Ուտն ու իր ըն­կեր­նե­րը շատ ա­րագ կա­տա­րուած գոր­ծո­ղու­թիւ­նով մը պատ­ճառ դար­ձան հա­րիւ­րա­ւոր ան­մեղ մար­դոց սպան­ու­թեան:

ԱՒԵՏԻՍԵԱՆՆԵՐՈՒ ԸՆՏԱՆԻՔԻՆ ԴԷՄ ՈՃՐԱԳՈՐԾՈՒԹԵԱՆ ԹՂԹԱԾՐԱՐԸ ՅԱՆՁՆՈՒԵՑԱՒ ԴԱՏԱԽԱԶԻՆ

Հա­յաս­տա­նի Քննչա­կան կո­մի­տէն Ա­ւե­տի­սեան­նե­րու ըն­տա­նի­քի սպան­նու­թեան քրէա­կան գոր­ծը իր մե­ղադ­րա­կան եզ­րա­կա­ցու­թեամբ ու­ղար­կած է թղթած­րա­րը վե­րահս­կող դա­տա­խա­զին։ Հան­րա­պե­տու­թեան աւագ դա­տա­խա­զու­թեան աղ­բիւր­նե­րը պաշ­տօ­նա­պէս հաս­տա­տե­ցին այս տե­ղե­կու­թիւ­նը։

ՄԱԼԻԻ ՄԷՋ ԴԷՊՔ

Մա­լիի Պա­մա­քօ քա­ղա­քին մէջ ե­րէկ ապ­րուե­ցաւ զգա­յա­ցունց դէպք մը։ Տեղ­ւոյն «Ռա­տի­սըն» պան­դո­կին մէջ «Էլ Քաի­տէ» ա­հա­բեկ­չա­կանկազ­մա­կեր­պու­թեան յա­րա­կից «Էլ Մու­րա­պի­թուն» խում­բին կող­մէ գե­րե­վա­րուե­ցաւ 170 հո­գի։

Էջեր