ԵՐԵՒԱՆԻ ՄԷՋ ԱՅՍ ՈՒՐԲԱԹ ՏԵՂԻ ՊԻՏԻ ՈՒՆԵՆԱՅ ՀԱՊԿ-Ի ԳԱԳԱԹԱԺՈՂՈՎԸ
Այս Ուրբաթ, Հոկտեմբերի 14-ին Երեւանի մէջ տեղի պիտի ունենայ Հաւաքական անվտանգութեան պայմանագրի կազմակերպութեան (ՀԱՊԿ) գագաթաժողովը, Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Սերժ Սարգսեանի տանտիրութեամբ։ ՀԱՊԿ-ի Հաւաքական անվտանգութեան խորհուրդի նստաշրջանը պիտի վարէ Սերժ Սարգսեան, քանի որ 2015-2016 թուականներուն շրջանային նախագահի պաշտօնը ստանձնած է Հայաստան։

Թէեւ հայկական ֆութպոլը կ՚ապրի ծանր շրջան մը, սակայն նախընթաց օր Երեւանի մէջ տեղի ունեցաւ հայկական մարզաշխարհին տեսակէտէ յատկանշական իրադարձութիւն մը։ Այսպէս, «Հրազդան» մարզադաշտի մօտակայքին բացուեցաւ «Արարատ 73» արձանախումբը։
Անգարա եւ Մոսկուա ի վերջոյ համաձայնութեան հասան «Թրքական հոսք» կազամուղի ծրագիրը կեանքի կոչելու ուղղութեամբ:
Ղազախիստանի Նախագահ Նուրսուլթան Նազարպայեւ պաշտօնական այցելութիւն մը պիտի տայ Երեւան՝ Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Սերժ Սարգսեանի հրաւէրին ընդառաջ։