Լրահոս

Հայաստանի Քաղաքացիները Կրնան Պրազիլիա Մեկնիլ Առանց Վիզայի

Ու­ժի մէջ մտած է Հա­յաս­տա­նի եւ Պրա­զի­լիոյ մի­ջեւ մուտ­քի ար­տօ­նագ­րա­յին կար­գը հա­նե­լու մա­սին հա­մա­ձայ­նու­թիւ­նը: Այս մա­սին կը յայտ­նէ Հա­յաս­տա­նի Ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րա­րու­թեան ֆէյս­պու­քեան պաշ­տօ­նա­կան կայքէ­ջը:

ՎԵՐԱԿԵՆԴԱՆԱՑՈՒՄ

Թուրքիա-Եւրոմիութիւն յարաբերութիւններուն շրջագծով երէկ նոր էջ մը բացուեցաւ Պրիւքսէլի մէջ:
Անգարա 3 միլիառ եւրօ օժանդակութիւն պիտի ստանայ գաղթականներուն համար: Բանակցութիւններուն գծով շուտով պիտի բացուի գլուխ մը: Առանց վիզայի մուտքի հեռանկարը յստակացած:

ՓԱՐԻԶԻ ՄԷՋ ԿԼԻՄԱՅԻ ԳԱԳԱԹ

Փա­րի­զի մէջ այ­սօր տե­ղի կ՚ու­նե­նայ ՄԱԿ-ի Հա­մաշ­խար­հա­յին կլի­մա­յի գա­գա­թա­ժո­ղո­վը։ Ֆրան­սա­յի Նա­խա­գահ Ֆրան­սու Օ­լան­տի տան­տի­րու­թեամբ, մայ­րա­քա­ղա­քի մեր­ձա­կայ Պուր­ժէի մէջ հա­մախմ­բուած են աշ­խար­հի 130 եր­կիր­նե­րէ պե­տու­թիւն­նե­րու կամ կա­ռա­վա­րու­թիւն­նե­րու ղե­կա­վար­ներ։

ԲԱՆԱՍՏԵՂԾՈՒՀԻ ՍՕՆԱ ՎԱՆԻ ԳՐՔԻՆ ՇՆՈՐՀԱՆԴԷՍԸ՝ ԵՐԵՒԱՆԻ ՄԷՋ

Ե­րե­ւա­նի մէջ վեր­ջերս տե­ղի ու­նե­ցաւ ա­մե­րի­կա­հայ բա­նաս­տեղ­ծու­հի Սօ­նա Վա­նի «Լիպ­րեթ­թօ ա­նա­պա­տի հա­մար» գիր­քին շնոր­հան­դէ­սը։ Հա­յաս­տա­նի Սփիւռ­քի նա­խա­րա­րու­թեան ա­ջակ­ցու­թեամբ կազ­մա­կեր­պուե­ցաւ այս ձեռ­նար­կը, ո­րու ըն­թաց­քին ող­ջոյ­նի խօս­քով մը հան­դէս ե­կաւ Նա­խա­րար Հրա­նոյշ Յա­կո­բեան։

ՓՈՒԹԻՆ ԵՒ ԽԱՄԱՆԷՅ ԻՆՉ ԾՐԱԳԻՐՆԵՐ ՔՆՆԱՐԿԵՑԻՆ ԹԵՀՐԱՆԻ ՄԷՋ

​ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ

Ութ տա­րի ա­ռաջ իր կա­տա­րած այ­ցե­լու­թե­նէն ետք Ռու­սաս­տա­նի Նա­խա­գահ Վլա­տի­միր Փու­թին Թեհ­րան ժա­մա­նե­լով ու­նե­ցաւ կա­րեւո­րա­գոյն հան­դի­պում­ներ Ի­րա­նի Իս­լա­մա­կան հան­րա­պե­տու­թեան նա­խա­գահ Շէյխ Հա­սան Ռո­ւհա­նիի եւ գե­րա­գոյն հո­գե­ւոր ա­ռաջ­նորդ Ա­լի Խա­մա­նէ­յի հետ:

ԲԱՆԱՎԷՃԸ ԿԸ ՍԱՍՏԿԱՆԱՅ

Հանրապետութեան նախագահը Ռուսաստանին խորհուրդ տուաւ՝ չխաղալ կրակի հետ: Փութին մերժեց Փարիզի մէջ Էրտողանին հետ տեսակցութիւնը: Մոսկուա որոշեց տարեմուտին դադրեցնել առանցվիզաներու մուտքի դրութիւնը: Չավուշօղլու եւ Լաւրով յառաջիկայ օրերուն կրնան տեսակցիլ Պելկրատի մէջ:

Էջեր