ԾԱՆՐԱԿՇԻՌ ՃԳՆԱԺԱՄ
Սուրիոյ տագնապը օրէ օր կը ճիւղաւորուի՝ տարածքաշրջանէն ներս յառաջացնելով նոր լարուածութիւններ, որոնք չեն նպաստեր ահաբեկչութեան յաղթահարման:
Թուրքիա-Ռուսաստան փոխյարաբերութիւններուն մէջ երէկ ապրուած ահազանգային իրադարձութիւններով յանկարծ փոխուեցաւ միջազգային կլիման:
Անգարա-Մոսկուա առանցքին վրայ ռուսական ռազմաօդանաւի ռմբահարումէն վերջ ստեղծուեցաւ աննախընթաց կացութիւն մը. Սէրկէյ Լաւրովի այցը ջնջուած: