ԺԸՆԵՒԻ ՄԷՋ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄ
Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս տեսակցեցաւ ՄԱԿ-ի յատուկ ներկայացուցիչին հետ:
Սթեֆան Տէ Միսթուրա անդրադարձաւ Սուրիոյ ճգնաժամի վերջին իրադարձութիւններուն:
Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս տեսակցեցաւ ՄԱԿ-ի յատուկ ներկայացուցիչին հետ:
Սթեֆան Տէ Միսթուրա անդրադարձաւ Սուրիոյ ճգնաժամի վերջին իրադարձութիւններուն:
Սուրիոյ ներքին պատերազմի իրադարձութիւնները կը շարունակեն մնալ Թուրքիոյ ուշադրութեան կիզակէտին, միեւնոյն ժամանակ կը բնորոշեն Անգարա-Ուաշինկթըն յարաբերութիւններուն ընթացքը։ Մեմպիչ քաղաքը վերջերս ազատագրուեցաւ «Իրաք-Շամի իսլամական պետութիւն» (ԻՇԻՊ) ահաբեկչական խմբաւորումէն։
Սուրբ Խաչ դպրեվանքի պարտէզի պատերու արտաքին երեսին վրայ շաբաթավերջին անծանօթներու կողմէ գրի առնուեցան ցեղապաշտ լոզունգներ:
Երեսփոխան Մարգար Էսաեան եւ Անվտանգութեան տնօրէնները շարժման անցան անմիջապէս:
Խնամակալութեան ատենապետ Թորոս Ալճան հրապարակեց յայտարարութիւն մը, որով դէպքը խստիւ պախարակեց յաչս Թուրքիոյ Հանրապետութեան աչալուրջ քաղաքացիներուն:
Տիարպաքըրի մէջ երէկ տեղի ունեցաւ ահաբեկչական յարձակում մը։ Ճանապարհային ոստիկանութեան հակակշռման շրջանային կեդրոնը դարձաւ անջատողական ահաբեկչական ՓՔՔ կազմակերպութեան թիրախը։
Հալէպի մէջ վերջերս տեղի ունեցած ծանր մարտերուն ընթացքին անհետացած էր հայ զինուոր մը, որուն անունը մինչեւ վերջերս չէր յստակացած։ Սուրիոյ ներքին պատերազմի մթնոլորտին մէջ տեղւոյն հայութեան մատնուած վիճակին շուրջ տեղեկութիւններ փոխանցող հայկական աղբիւրները որոշ չափով հակասական տուեալներ կը փոխանցէին կամ լռութիւն պահել կը նախընտրէին այս նիւթին շուրջ։
Պրազիլի մայրաքաղաքը՝ Պրազիլիայի մէջ Հայաստանի Նախագահ Սերժ Սարգսեան երէկ մասնակցեցաւ հայկական դեսպանատան շէնքի հիմնարկէքի արարողութեան։ Հաւաքոյթին ներկայ էին Պրազիլի Արտաքին յարաբերութիւններու նախարար Ժոզէ Սերա, Պրազիլի մօտ հաւատարմագրուած դեսպաններ, բարձրաստիճան դիւանագէտներ եւ պրազիլահայ համայնքի ներկայացուցիչներ
«Ակօս» շաբաթաթերթի հիմնադիր Հրանդ Տինքի դէմ գործուած մահափորձին շրջագծով երէկ չորս հոգի եւս ձերբակալուեցաւ։
Վրաստանի հայ կիներու «Շուշանիկ» միութեան նախաձեռնութեամբ, Վիրահայոց Թեմի Առաջնորդարանի, «Հայարտուն» կեդրոնի եւ անհատ բարերարներու աջակցութեամբ Թիֆլիզի Ս. Էջմիածին եկեղեցւոյ բակին մէջ տեղի ունեցած է հայկական ազգային կարեկրատեսակի՝ տոլմայի փառատօն-մրցումը: Ըստ «Արմէնփրէ-ս»ի, այս մասին տեղեկացուցած է Վիրահայոց Թեմը՝ աւելցնելով. «Լաւ աւանդութիւն դարձած է Վրաստանի ազգային միւս արժէքներուն հետ միասին ներկայացնել նաեւ հայկական խոհանոցը իր բազմազանութեամբ, որ հայոց բազմադարեան մշակոյթի անբաժան մասն է:
Միացեալ Նահանգներու փոխ-նախագահը յաջորդ շաբաթ պիտի այցելէ Թուրքիա:
Քննարկումներու օրակարգի հիմնական խնդիրը պիտի ըլլայ Ֆեթհուլլահ Կիւլէնի վերադարձը: