ԱՐԱՄ ԽԱՉԱՏՐԵԱՆ ՓԱՌԱՏՕՆԸ ԿԱՅԱՑԱԾ
Հայաստանի Պետական երիտասարդական նուագախումբի գեղարուեստական ղեկավար ու գլխաւոր խմբավար Սէրկէյ Սմբատեան նախընթաց օր Երեւանի մէջ մամլոյ ասուլիս մը սարքելով ամփոփեց՝ վերջերս կազմակերպուած Արամ Խաչատուրեանի չորրորդ միջազգային փառատօնը։ Այս տարի չորրորդ անգամ կազմակերպուած այս փառատօնի արդիւնքներուն շուրջ Սէրկէյ Սմբատեան խօսեցաւ դրական։ Ան համոզուած է, որ Արամ Խաչատուրեանի միջազգային փառատօնը այլեւս կայացած է եւ ունի իր ուրոյն տեղը երաժշտասէրներու շրջանակէն ներս։
Միացեալ Նահանգներու Նախագահ Պարաք Օպամա խօսելով իր երկրին մէջ 8 Նոյեմբերին տեղի ունեցած նախագահական ընտրութեան արդիւնքներուն եւ հանրապետական թեկնածու Տանըլտ Թրամփի անակնկալ յաղթանակին մասին ըսած է, որ ատիկա «հիասթափեցնող» էր:
Միացեալ Նահանգներու նորընտիր նախագահ Տանըլտ Թրամփ յայտարարած է, որ ամերիկեան նոր վարչակազմը լաւագոյնը պիտի ըլլայ Միացեալ Նահանգներու ամբողջ պատմութեան մէջ:
Ֆրեզնոյի Պետական համալսարանը քաղաքի Շօ պողոտային վրայ, թիւ 41 ազատուղիէն քիչ մը արեւելք, ունի իր վարչական բաժանմունքի շէնքը, որուն նրբանցքները, սրահն ու քանի մը գրասենեակներ վերջին տարիներուն վերածուած են գեղանկարիչներու ու որոշ չափով հայկական իրաւունքներու արուեստի ճամբով ցուցադրման ժամադրավայրի, իբրեւ արդիւնք մտայղացքին ազնիւ հայորդիի մը, որ կը կոչուի Վարուժան Տէր-Սիմոնեան եւ գործակցութեամբ ու քաջալերանքով համալսարանի յիշեալ կեդրոնի պատասխանատուներուն։
Վերջին քանի մը օրուան ընթացքին Հաւայեան կղզիներուն մէջ մրցանշային քանակութեամբ ձիւն տեղացած է: «Պի.Պի.Սի.»ի հաղորդումով՝ նահանգի որոշ շրջաններուն մէջ ձիւնի ծածկոյթի բարձրութիւնը կը հասնի 90 սանթիմեթրի:
ԵԱՀԿ-ի անդամ երկիրներու արտաքին գործոց նախարարներու ժողովին տեղի ունեցած օրը Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Սերժ Սարգսեան այցելեց Ստեփանակերտ, ուր խորհրդակցութիւն մը ունեցաւ բարձրաստիճան զինուորականներու հետ:
ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի համանախագահ երկիրներու արտաքին գործոց նախարարները երէկ Համպուրկի մէջ համատեղ յայտարարութիւնով մը հանդէս եկան Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան շուրջ։ Այսպէս, Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու Արտաքին գործոց նախարար Ճոն Քերի, Ռուսաստանի Արտաքին գործոց նախարար Սէրկէյ Լաւրով եւ Ֆրանսայի Արտաքին գործոց նախարար Ժան-Մարք Էյրօ կոչ ուղղեցին, որպէսզի Հայաստանի Նախագահ Սերժ Սարգսեան եւ Ատրպէյճանի Նախագահ Իլհամ Ալիեւ վերադառնան բանակցութիւններու սեղանին շուրջ։
1988 թուականին Հայաստանի մէջ պատահած երկրաշարժի տարելիցին առթիւ Վարչապետ Կարէն Կարապետեան երէկ այց մը տուաւ Հանրապետութեան Շիրակի մարզը եւ ընդհանրապէս Հիւսիսային հատուածը։ Կիւմրիի մէջ ան յարգեց երկրաշարժի զոհերուն յիշատակը՝ թողլով նաեւ ծաղկեպսակ մը։
Ինչպէս հաղորդած էինք, Երուսաղէմի Հայոց Պատրիարքութեան կալուածոց տեսուչ Տ. Պարէտ Ծ. Վրդ. Երէցեան ներկայիս կ՚այցելէ Լոս Անճելըս, ուր յայտարարութիւններ ալ ըրած է մամուլին։ Այս նիւթին վերաբերեալ մեր վերջին հաղորդումներուն զուգահեռ՝ ելեկտրոնիկ փոստով խմբագրութեանս հասաւ հետեւեալ գրութիւնը, որ ստորագրուած է Նահապետ Մելքոնեանի կողմէ։ Ստորեւ այդ նամակը կը հրատարակենք՝ ցոլացնելու համար Տ. Պարէտ Ծ. Վրդ. Երէցեանի Լոս Անճելըս կատարած այցելութեան ամբողջական մթնոլորտը։ Հակուած չենք լրիւ բաժնելու նամակի հեղինակին կողմէ օգտագործուած որակումներն ու ածականները, որոնց պատասխանատուութիւնը կը վիճակի անոր։ Ուրեմն այս մտադրութեամբ տեղ կու տանք Մելքոնեանի նամակին։