ԿԱՅՈՒՆԱՑՄԱՆ ՈՐՈՆՈՒՄՆԵՐ
ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի համանախագահները շաբաթավերջին ամենաբարձր մակարդակի վրայ հանդիպումներ ունեցան Երեւանի ղեկավարութեան հետ եւ սարքեցին համատեղ մամլոյ ասուլիս մը՝ ամփոփելով իրենց տարածքաշրջանային այցելութիւն:
Հայաստանի իշխանութիւնները եւ միջնորդները քննարկեցին վստահութեան միջոցառումներու շուտափոյթ ներդրման եւ բանակցութիւններու վերսկսման մասին հարցեր: