ՔՆՆԱՐԿՈՒՄՆԵՐԸ Կ՚ԱՇԽՈՒԺԱՆԱՆ
ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի համանախագահները յառաջիկայ շաբաթ՝ Սեպտեմբերի 8-ին ժամադրուած են Մոսկուայի մէջ:
Եդուարդ Նալպանտեան երէկ Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդրին անդրադարձաւ իր ռուս պաշտօնակցին՝ Սէրկէյ Լաւրովի եւ Արլէմ Տեզիրի հետ:
Պերաթ Ալպայրաք եւ Ալեքսէյ Միլըր երէկ մանրամասնօրէն քննարկեցին «Թրքական հոսք» ծրագիրը:
Կառավարութեան կազմին մէջ երէկ տեղի ունեցաւ անակնկալ փոփոխութիւն մը։ Ներքին գործոց նախարար Էֆքեան Ալա հրաժարեցաւ իր պաշտօնէն։
Սուրիոյ ճգնաժամը կը շարունակէ առաջնահերթօրէն զբաղեցնել միջազգային օրակարգը եւ այս իրավիճակին մէջ Թուրք զինեալ ուժերուն կողմէ ձեռնարկուած «Եփրատի վահան» գործողութիւնը ա՛լ աւելի նոր հարթութեան մը վրայ դրած է ամէն ինչ։
Վրաստանի վարչապետը պաշտօնական այցելութիւն մը տուաւ Ատրպէյճան:
Էրտողան եւ Փութին Սեպտեմբերի 3-ին պիտի տեսակցին Չինաստանի մէջ, «G-20»ի գագաթաժողովի օրերուն:
Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Եդուարդ Նալպանտեան աշխատանքային ուղեւորութիւն մը պիտի իրականացնէ դէպի Գերմանիա եւ Սլովաքիա։ Երեւանի պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, Գերմանիոյ Փոտըստամ քաղաքին մէջ Նալպանտեան վաղը պիտի մասնակցի ԵԱՀԿ-ի անդամ երկիրներու արտաքին գործոց նախարարներու անպաշտօն ժողովին։