Ի՞ՆՉ ՊԻՏԻ ՆՈՒԻՐԷ ՄԻԱՑԵԱԼ ՆԱՀԱՆԳՆԵՐՈՒ ՆԱԽԱԳԱՀԸ ՌԻԱՏԻՆ
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
Սուրիական պատերազմի այս փուլի ամենէն խորհրդանշական օրակարգը Հալէպն է: Հալէպին տիրապետելու կը ջանան Սուրիոյ պատերազմին մասնակից գլխաւոր երեք կողմերը: Այսինքն Սուրիոյ իշխանութիւնները, որոնք ի գին ծանր կորուստներու կը փորձեն ներկայանալ որպէս ամբողջական եւ անփոխարինելի ուժ: