ՆԱԼՊԱՆՏԵԱՆ ՄԵԿՆԱԲԱՆԵՑ ՄԻՋՆՈՐԴՆԵՐՈՒՆ ՄՕՏԵՑՈՒՄՆԵՐԸ
Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Եդուարդ Նալպանտեան երէկ «Արմէնփրէս» գործակալութեան համար մեկնաբանեց ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի համանախագահներուն կողմէ կատարուած վերջին համատեղ յայտարարութիւնը։ Ինչպէս ծանօթ է, Մինսքեան խմբակի համանախագահները նախընթաց օր համատեղ յայտարարութիւնով մը հանդէս եկած էին Դեկտեմբերի 29-ին Հայաստան-Ատրպէյճան սահմանին վրայ պատահած բախումներուն կապակցութեամբ։
Յունուարի 14-ին, Երեանի Ալեքսանտր Սպենդիարեանի անուան օփերայի եւ պալէի ազգային ակադեմական թատրոնին մէջ, չինական Նոր տարուան առիթով, տեղի պիտի ունենայ Կանսիւ նահանգի երգի-պարի համոյթի «Մետաքսի ճանապարհ եւ ծաղիկներու անձրեւ» խորագրով համերգը:
«Աւրորա» մարդասիրական նախաձեռնութիւնը 2016 թուականին իրականացուցած է հանրային կարծիքի հետազօտութիւն մը՝ պարզելու համար «Աւրորա» մրցանակի, հայերու եւ Հայաստանի մասին աշխարհի իրազեկութեան մակարդակը:
ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի համանախագահները երէկ հանդէս եկան համատեղ յայտարարութիւնով մը:
Տ. Արամ Արք. Աթէշեան ընդունեց Տ.Տ. Պարթոլոմէոս Ա. Ուղղափառաց Ծայրագոյն Պատրիարքը:
Իսրայէլի Նախագահ Ռէուվէն Ռիվլին երէկ պաշտօնական այցելութիւն մը տուաւ Թիֆլիզ։ Վրաստանի ղեկավարութիւնը ամենաբարձր մակարդակի վրայ հիւրընկալեց Ռիվլինը։
Թուրքիա-Իրաք բարձր մակարդակի ռազմավարական համագործակցութեան խորհուրդի ժողովը:
Հանրապետութեան նախագահը հեռախօսազրոյց մը ունեցաւ ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարին հետ:
Muhterem Başepiskopos Ateşyan,