ՍՊԱՍՈՒԱԾ ԺԱՄԱԴՐՈՒԹԻՒՆ
Փոխ-վարչապետը երէկ Անգարայի մէջ հիւրընկալեց Թուրքիոյ ոչ-իսլամ փոքրամասնական համայնքներու աշխարհական ղեկավարները, Ատնան Էրթէմի մասնակցութեամբ:
Ընտրութիւններու հարցին համար նոր յոյսեր:
Թորոս Ալճանի գրասենեակը հաղորդեց, որ մշակուած օրէնսդրական նախաձեռնութեան պատրաստութիւնները պիտի վերակենդանացուին: Պետրոս Շիրինօղլու օրակարգի վրայ բերաւ՝ Սուրբ Փրկիչ Ազգային հիւանդանոցի հանդիպակաց՝ երբեմնի բանջարանոցի տարածքի սեփականութեան իրաւունքին շուրջ ծագած յաւելեալ խնդիրները:
Հայաստանի Մշակոյթի նախարարութեան աջակցութեամբ, «Հայ դերասաններու միութիւն» հասարակական կազմակերպութիւնը՝ Հոկտեմբերի
1-8 թուականներուն միջեւ կը կազմակերպէ «Հայֆեստ» միջազգային 14-րդ թատերական փառատօնը, որ կը կրէ «Իրականացուր երազանքդ «Հայֆեստ»ի հետ» խորագիրը:
Փառատօնի հանդիսաւոր բացումը տեղի ունեցաւ Հոկտեմբերի
1-ին, Ստանիսլավսկիի անուան ռուսական տրամաթիքական թատրոնին մէջ, Թաշքենթի «Իլխոմ» տրամաթիքական թատրոնի «Եօթ լուսին» ներկայացումով:
«Գալուստ Կիւլպէնկեան» հիմնարկը կը տօնէ իր հիմնադրութեան 60-րդ տարեդարձը Փարիզի Cité Universitaire-ի հայկական եւ փորթուգալական ուսանողական տուներուն մէջ բացուած զուգահեռ ցուցահանդէսներով, որոնք պիտի շարունակուին մինչեւ 2017 թուականի Յունուարի 3-ը։
Գոհունակութեամբ վերահասու կ՚ըլլանք, թէ մեր երիտասարդ ձեռներէցներէն Արէտ Սիլահլը Պէյօղլուի մէջ բացած է նոր ճաշարան մը։ Արէտ Սիլահլը անուն մըն է, որու համբաւը հետզհետէ կը տարածուի կապելա-ճաշարանի աշխարհէն ներս։ Իր արձանագրած վերելքը անշուշտ ուղիղ համեմատութեան մէջ է իր մատուցած ծառայութեան որակով:
Յառաջիկայ Երկուշաբթի՝ Հոկտեմբերի 10-ին, Ռուսաստանի Նախագահ Վլատիմիր Փութին պիտի այցելէ Թուրքիա։ Իսթանպուլի մէջ Փութին պիտի մասնակցի Համաշխարհային ուժանիւթի համաժողովին։ Միեւնոյն ժամանակ ռուս ղեկավարը պիտի հիւրընկալուի Հանրապետութեան նախագահ Րէճէպ Թայյիպ Էրտողանի կողմէ։ Երկու ղեկավարներուն տեսակցութիւնը, բնականաբար, կը ներկայացնէ մեծ կարեւորութիւն՝ մանաւանդ, որ Թուրքիա եւ Ռուսաստան մօտաւոր անցեալի ճգնաժամը յաղթահարելով իրենց համագործակցութեան թափ տալու ճամբուն վրայ են։
ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի համանախագահները աշխատանք կը տանին Սարգսեան-Ալիեւ նոր հանդիպում մը կազմակերպելու համար:
Ի նշան Լմբատաւանքի «Սուրբ Ստեփանոս նախավկայի» եկեղեցիի վերազարթօնքի, արդէն երկրորդ տարին է՝ Հոկտեմբերի առաջին շաբաթը կը նշուի Լմբատաւանքի ուխտի օրը: Այդ օրը Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնէն Լմբատաւանք կը բերուի Սուրբ Ստեփանոսի մասունքը եւ կը մատուցուի Սուրբ Պատարագ։ Յաւարտ Սուրբ Պատարագի սուրբ մասունքով կը կատարուի Անդաստանի կարգ եւ մատաղի օրհնութիւն։