Լրահոս
ԷԼԻԶԷԻ ՄԷՋ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄ
Ֆրանսայի Նախագահ Ֆրանսուա Օլանտ շաբաթավերջին հիւրընկալեց Տ. Վահան Եպսկ. Յովհաննէսեանը:
Ֆրանսահայոց թեմակալ առաջնորդը ներկայացուց այն բոլոր հարցերը, որոնք կը գտնուին համայնքի օրակարգին վրայ:
ԵԴՈՒԱՐԴ ՆԱԼՊԱՆՏԵԱՆ ՀԵԼՍԻՆՔԻ Կ՚ԱՅՑԵԼԷ
Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Եդուարդ Նալպանտեան այսօր շփումներ կ՚ունենայ Հելսինքիի մէջ։ Երեւանի պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, այցելութեան ընթացքին Եդուարդ Նալպանտեան կը տեսակցի Ֆինլանտիոյ Նախագահ Սաուլի Նինիսթիոյի, Խորհրդարանի նախագահ Մարիա Լոհելայի եւ բանակցութիւններ կը վարէ իր պաշտօնակցին՝ Արտաքին գործոց նախարար Թիմօ Սոինիի հետ։
ՄԻՇՏ ՑԱՒ, ՄԻՇՏ ԱՐԻՒՆ
ՊՈՒՆՏԵՍՏԱԿ ՅՈՒՆԻՍ 2-ԻՆ ՊԻՏԻ ՔՆՆԷ ՀԱՅԿԱԿԱՆ ՀԱՐՑԸ
Գերմանիոյ Խորհրդարանէն ներս Յունիսի 2-ին օրակարգի վրայ պիտի գայ հայկական հարցը։ Կը հաղորդուի, որ Պունտեստակէ ներս ներկայացուած կուսակցութիւններուն համաձայնութեամբ պիտի քննարկուի այս նիւթը։ Երկրի համախոհական իշխանութեան մասնակից Սոցիալ դեմոկրատ կուսակցութեան խորհրդարանական խմբակցութեան ղեկավար Թոմաս Օփփերման այս առթիւ յայտարարեց, թէ Պունտեստակը պիտի ընդունի որոշում մը, որով 1915 թուականի դէպքերը պիտի ճանչցուին որպէս ցեղասպանութիւն։
ԵՒՐՈԽՈՐՀՐԴԱՐԱՆԸ ԱՅՍՕՐ ԿԸ ՀԻՒՐԸՆԿԱԼԷ «ՍՓԻՒՌՔՆԵՐՈՒ ԵՒՐՈՊԱՆ»
Այսօր, Եւրոպական խորհրդարանը կը հիւրընկալէ «Սփիւռքներու Եւրոպան» համաժողովը, որու ընթացքին կը դրուի Եւրոպայի սփիւռքներու ցանցի սկիզբը եւ կը ներկայացուի «Սփիւռքներու Եւրոպան» ուխտագիրը: Ըստ Փարիզի «Նոր Յառաջ» թերթի հաղորդումներուն, այդ ուխտագիրը կը հաստատէ, որ Եւրոպայի մէջ սփիւռքներու դերը առանցքային է, որ անոնք սպառնալիք չեն, եւ որ աւելին պէտք է ընել զանոնք ներգրաւելու ուղղութեամբ:
ՔԻՄ ՔԱՐՏԱՇԵԱՆ ՄԱՍՆԱԿՑԵՑԱՒ ՆԱՈՄԻ ՔԵՄՓՊԸԼԻ ԳՐՔԻ ՇՆՈՐՀԱՆԴԷՍԻՆ
«ՍՊԵՂԱՆԻ» ԵՐԳՉԱԽՈՒՄԲԻՆ 20-ԱՄԵԱԿԸ
ROLLS-ROYCE-Ի ՊԱՅՈՒՍԱԿՆԵՐՈՒ ՀԱՒԱՔԱԾՈՆ
Բրիտանական հեղինակաւոր Rolls Royce ընկերութիւնը ներկայացուցած է ինքնաշարժի բեռնախցիկին մէջ իրերու տեղափոխման համար նախատեսուած յատուկ ձեւագծումով պայուսակներու թանկարժէք հաւաքածոն: Անոնք նախատեսուած են բացառապէս Rolls Royce Wraith տիպի ինքնաշարժին համար:
ՍՈՒՐԻԱՀԱՅ ԱՇԱԿԵՐՏՆԵՐՈՒ ԳԱՐՆԱՆԱՅԻՆ ԴՊՐՈՑ
Լիբանանի Ազգային Լեւոն եւ Սոֆիա Յակոբեան գոլէճին մէջ բացումը կատարուեցաւ սուրիահայ աշակերտներու գարնանային դպրոցին: