Լրահոս

ՇԹԱՅՆՄԱՅԷՐ ՀԱՅԱՍՏԱՆ Կ՚ԱՅՑԵԼԷ

Հա­յաս­տա­նի Ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րար Ե­դուարդ Նալ­պան­տեա­նի հրա­ւէ­րով վա­ղը Ե­րե­ւան պի­տի այ­ցե­լէ Գեր­մա­նիոյ Ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րար Ֆրանք Վալ­թէր Շթայն­մա­յէր։ Հարկ է նշել, որ Գեր­մա­նիա ներ­կա­յիս շրջա­նա­յին նա­խա­գահ եր­կիրն է ԵԱՀԿ-ի, ո­րու հո­վա­նա­ւո­րու­թեան ներ­քեւ կ՚ըն­թա­նան Լեռ­նա­յին Ղա­րա­բա­ղի հա­կա­մար­տու­թեան կար­գա­ւոր­ման ուղ­ղեալ աշ­խա­տանք­նե­րը։

ՀԱԼԷՊԱՀԱՅ ԳՐՈՂ ՅԱԿՈԲ ՆԱԼՊԱՆՏ-ՏԼՏԸԼԵԱՆ. «ՔԱՂԱՔԸ ՆԱԽԱՊԱՏԵՐԱԶՄԵԱՆ ՎԻՃԱԿԻ ՄԷՋ Է»

«Ա­րե­ւելք» կայ­քէ­ջը կը տե­ղե­կաց­նէ.-
«Հա­լէ­պը նա­խա­պա­տե­րազ­մեան վի­ճա­կի մէջ է», այս կար­ծի­քը յայտ­նեց հա­լէ­պա­հայ գրող Յա­կոբ Նալ­պանտ-Տլտը­լեան:

ԱՀԱԲԵԿՉԱԿԱՆ ՍԱՐՍԱՓԵԼԻ ՅԱՐՁԱԿՈՒՄՆԵՐ ԼԻԲԱՆԱՆԻ ՄԷՋ

Ա­հա­բեկ­չա­կան ծանր  յար­ձա­կում­ներ ե­ղած են լի­բա­նա­նեան Պե­քաա շրջա­նին մէջ: Լրա­տուա­կան աղ­բիւր­ներ կը յայտ­նեն, որ այ­սօր վաղ ա­ռա­ւօ­տեան անձ­նաս­պա­նա­կան չորս պայ­թում­ներ լսուած են Ալ Քահ քրիս­տո­նէա­կան ա­ւա­նին մէջ:

ՀԱՅ ԺՈՂՈՎՈՒՐԴԻ ՇՈՒՆՉԸ

Հայաստանեայց Առաքելական եւ Հռոմէական Կաթոլիկ քոյր եկեղեցիներու հովուապետները երէկ Խոր Վիրապի սահմանամերձ պատմական վանքէն սպիտակ աղաւնիներ արձակեցին դէպի աստուածաշնչեան Արարատ լեռը՝ ի նշան խաղաղութեան:
Քրիստոնեաներու բազմադարեան բնօրրան:
Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Վեհափառ Հայրապետը եւ Ֆրանսիսքոս Ա. Պապը միջեկեղեցական համագործակցութեան նոր չափանիշներ կը սահմանեն՝ իրենց դրական մօտեցումներով: Քահանայապետին դէպի առաջին քրիստոնեայ երկիր՝ Հայաստան ուխտագնացութիւնը բնորոշուեցաւ աննախընթաց ու անմոռանալի վառ դրուագներով:

«ԱՍՏՈՒԱԾ ՕՐՀՆԷ ՁԵՐ ԱՊԱԳԱՆ ԵՒ ՊԱՐԳԵՒԷ, ՈՐ ՀԱՅ ԵՒ ԹՈՒՐՔ ԺՈՂՈՎՈՒՐԴՆԵՐՈՒ ՀԱՇՏՈՒԹԵԱՆ ՈՒՂԻՆ ԿՐԿԻՆ ՁԵՌՔ ԱՌՆՈՒԻ ԵՒ ԽԱՂԱՂՈՒԹԻՒՆ ՏԻՐԷ ՂԱՐԱԲԱՂԻ ՄԷՋ»

Ֆրան­սիս­քոս Ա. Քա­հա­նա­յա­պե­տի Հա­յաս­տան այ­ցե­լու­թիւ­նը շատ լայն ար­ձա­գանգ ստեղ­ծեց՝ նաեւ քա­ղա­քա­կան հար­ցե­րու շուրջ պար­փա­կած պատ­գամ­նե­րով։ Սրբա­զան Քա­հա­նա­յա­պե­տը վեր­ա­հաս­տա­տեց հայ­կա­կան հար­ցին վե­րա­բե­րեալ իր դիր­քո­րո­շու­մը՝ 1915-ի դէպ­քե­րը հեր­թա­կան ան­գամ ո­րա­կե­լով որ­պէս ցե­ղաս­պա­նու­թիւն։

ԹՈՒՐՔԻՈՅ ԵՒ ԻՍՐԱՅԷԼԻ ՄԻՋԵՒ ՀԱՄԱՁԱՅՆՈՒԹԻՒՆ ԳՈՅԱՑԱՒ

Թուր­քիոյ եւ Իս­րա­յէ­լի մի­ջեւ հա­մա­ձայ­նու­թիւն գո­յա­ցաւ՝ յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րու բնա­կա­նո­նաց­ման հա­մար։ «Րէօյ­թըրզ» գոր­ծա­կա­լու­թիւ­նը ե­րէկ ե­րե­կո­յեան ժա­մե­րուն այս մա­սին տե­ղե­կա­ցուց՝ Իս­րա­յէ­լի պաշ­տօ­նա­տար­նե­րէն մէ­կուն կող­մէ փո­խան­ցուած հա­ղոր­դում­նե­րուն հի­ման վրայ։

ՈՒՐ­ՄԻՈՅ ՀԱ­ՅՈՑ ԱԶԳԱՅԻՆ ԴՊՐՈ­ՑԻ Ա­ՄԱ­ՎԵՐ­ՋԻ ՀԱՆ­ԴԷ­ՍԸ

Ատր­պա­տա­կա­նի Ազ­գա­յին Ա­ռաջ­նոր­դա­րա­նէն կը տե­ղե­կաց­նեն.-
Ե­րեք­շաբ­թի, 21 Յու­նիս 2016-ի ե­րե­կո­յեան, ժա­մը 6-ին, տե­ղի ու­նե­ցաւ Ուր­միոյ Հա­յոց Ազ­գա­յին դպրո­ցին ա­մա­վեր­ջի հան­դի­սութիւ­նը հո­վա­նա­ւո­րու­թեամբ եւ նա­խա­գա­հու­թեամբ Ատր­պա­տա­կա­նի Հա­յոց Թե­մի Ա­ռաջ­նորդ Տ. Գրի­գոր Ս. Եպսկ. Չիֆթ­ճեա­նի:

ՀԱՄԵՐԱՇԽՈՒԹԵԱՆ ԱՒԵՏԻՍ

Այս շաբաթավերջին Հայաստան համայն քրիստոնեայ աշխարհի ուշադրութեան կիզակէտին։
Վեհափառ հայրապետն ու Սրբազան Պապը եղբայրաբար ողջագուրուեցան Սուրբ Էջմիածնի Մայր Տաճարի աւագ խորանին վրայ - Երեւանի մէջ տեղի կ՚ունենայ խաղաղութեան աղօթք։
Սրբազան Քահանայապետը ընդունեց Վատիկանի մէջ Սուրբ Գրիգոր Նարեկացիի արձանի զետեղման մասին առաջարկը։

6 ՆՈՐ ՆԱՀԱՏԱԿՆԵՐ

Թուր­քիա ե­րէկ դար­ձեալ սու­գի մատ­նուե­ցաւ նոր նա­հա­տակ­նե­րու վե­րա­բե­րեալ լու­րե­րով։ Երկ­րի հա­րաւ-ա­րե­ւե­լեան շրջան­նե­րուն մէջ ա­հա­բեկ­չա­կան յար­ձա­կում­նե­րը հեր­թա­կան ան­գամ ու­նե­ցան ծանր հետ­եւանք­ներ։

Էջեր