ԱՐԻՒՆԱԲԱՆՈՒԹԵԱՆ ԿԵԴՐՈՆ
Երէկ, Երեւանի մէջ հանդիսաւոր արարողութիւնով մը բացուեցաւ «Փրոֆ. Ռ. Եոլեան» արիւնաբանական կեդրոնը, որ կը գործէ Հայաստանի Առողջապահութեան նախարարութեան ենթակայութեամբ։ Բացման արարողութեան պատուոյ հիւրերն էին Հանրապետութեան նախագահ Սերժ Սարգսեան եւ Առաջին տիկին Ռիթա Սարգսեան։
«WTM 2016» զբօսաշրջային ցուցահանդէսին շրջագծով Հայաստանի տաղաւար:
Առողջապահութեան համաշխարհային կազմակերպութիւնը հրապարակած է արդիւնքները այն ուսումնասիրութեան, որուն համաձայն, մոլորակի տասը բնակիչներէն ինն կ՚ապրի խիստ ապականած օդով շրջաններու մէջ: Առողջապահութեան համաշխարհային կազմակերպութիւնը կը նախազգուշացնէ այդ մարզին մէջ տիրող «արտակարգ դրութենէն», կը հաղորդէ «Արմէնփրէս» լրատու գործակալութիւնը:
Թուրքիա եւ ԱՄՆ Ռաքքայի վրայ պիտի կեդրոնացնեն իրենց յառաջիկայ համագործակցութիւնը:
Ուղղափառ եկեղեցւոյ Ծայրագոյն Պատրիարք Տ.Տ. Պարթոլոմէոս Ա. երէկ հիւրընկալուեցաւ Վաքըֆներու խորհուրդի մօտ փոքրամասնութեանց ներկայացուցիչ Թորոս Ալճանի կողմէ։ Նորին Սրբազնութիւնը այս առթիւ պատուեց Թորոս Ալճանի գրասենեակը, որ կը գտնուի KEY Plaza-ի երդիքին տակ։
Մեներգչուհի Սիպիլի Պէյրութի մէջ տուած համերգին դրական արձագանգները կը շարունակուին։ Ծանօթ է, որ Սիպիլ «Համազգային»ի Լիբանանի մասնաճիւղի վարչութեան նախաձեռնութեամբ հանդէս եկաւ համերգով մը, որ պսակուեցաւ փայլուն յաջողութեամբ։
Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի եւ «Մենչըսթըր Եունայթըտ»ի կիսապաշտպան Հենրիխ Մխիթարեան հանդէս կու գայ նաեւ ընկերային յանձնառութիւններով։ «Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, ան ԻՒՆԻՍԷՖ-ի բարի կամքի ազգային դեսպան նշանակուեցաւ Հայաստանի մէջ։
Թուրքիոյ եւ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու ընդհանուր սպայակոյտի նախագահներուն երէկուան հանդիպումը Անգարայի մէջ:
Երգիծական աշխարհի շոուներու յայտնի աստղ Ճեմ Եըլմազ շաբաթավերջին աստղաբաշխային ներդրումով մը գնեց հայ նկարչի մը ստեղծագործութիւնը։