ՊԱՂ ՊԱՏԵՐԱԶՄԻ ՆՄԱՆ
Մտահոգիչ լարուածութեան ժամանակաշրջան. Ամերիկայի Միացեալ Նահանգները ՆԱԹՕ-ի դէմ սպառնալիք կը համարէ Ռուսաստանը:
Փոխ-նախագահ Մայք Փենս Էսթոնիոյ եւ Վրաստանի վերջին օրերու շփումներուն ընթացքին ասպարէզ կարդաց Մոսկուայի դէմ՝ զօրակցելով Արեւելեան Եւրոպայի դաշնակիցներուն:
Ուաշինկթըն հետեւողականօրէն կը զինէ ՓԵՏ-ԵՓԿ-ի զօրքերը Սուրիոյ մէջ՝ մեծ բեռնատարերու միջոցաւ:
Հայաստանի Արտաքին գործոց փոխ-նախարար Շաւարշ Քոչարեան յայտարարեց, որ Ռուսաստան թէեւ դաշնակից է, սակայն անվտանգութեան հարցերու մէջ երկիրը առաջին հերթին յոյսը պէտք է դնէ իր վրայ։
Թուրքիոյ Կրօնից տեսուչ Մեհմէտ Կէօրմէզ կոչուեցաւ հանգստեան։ Ան համապատասխան պահանջով աղերսագիր մը ուղարկած էր վարչապետարան եւ այդ հիման վրայ բաւարարուեցաւ իր պահանջը։ Մեհմէտ Կէօրմէզի պաշտօնը ժամանակաւորապէս յանձնուեցաւ Կրօնական գործոց բարձրագոյն խորհուրդի նախագահ Էքրէմ Քելէշին։
Հայաստանի Հանրապետութեան ելմտական նախարարը Ազգային ժողովի մէջ զրուցեց զանգուածային լրատուութեան միջոցներու ներկայացուցիչներուն հետ:
Հայաստանի Սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեան վերջերս հանդիպում մը ունեցաւ ՄԱԿ-ի Փախստականներու հարցերով գերագոյն յանձնակատարի Երեւանի գրասենեակի ներկայացուցիչ Քրիստոֆ Պիրվիրտի հետ։ Այս վերջնոյն ընկերակիցներու շարքին էին իրաւաբանական բաժնի ղեկավար Իննա Պորիսովիչ եւ արտաքին կապերու համակարգող Անահիտ Հայրապետեան։
«Պոլիս եւ անդին». այսպէս կը կոչուէր վերջերս Նիւ Եորքի մէջ կազմակերպուած Լեւոն Լաճիկեանի գծանկարչական աշխատանքներու անհատական ցուցահանդէսը, որ 15-րդն է անոր ստեղծագործական կենսագրութեան մէջ: Յայտնի գեղագէտ-գծանկարիչը իր ուշադրութիւնը վերջին տարիներուն կեդրոնացուցած է Վոսփորի ափին փռուած այդ պատմական քաղաքի անցեալին ու ներկային վրայ:
Ամառը մեծ խանդավառութեամբ կ՚ընթանայ Երեւանի կեդրոնին։ Ինչպէս ամէն տարի, այս տարի եւս մայրաքաղաքի առօրեան վերակենդանացած, վերաշխուժացած է՝ մշակութային եւ ընկերային զանազան ձեռնարկներով եւ սփիւռքահայերու ու զբօսաշրջիկներու ներկայութիւնով հանդերձ։
Հայաստանի Հանրային հեռուստակայանի «Օրակարգէ դուրս» հաղորդաշարի ընթացքին ուշագրաւ եւ զգայացունց յայտարարութիւններ:
Երեւանի մէջ շաբաթավերջին եզրափակուեցան «Սփիւռք» ամառնային դպրոցի ծաւալուն աշխատանքները: