ԵՐԵՒԱՆ ԿԸ ՀԵՏԵՒԻ ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ-ՄՈՍԿՈՒԱ ԱՌԿԱՅ ԼԱՐՈՒԱԾՈՒԹԵԱՆ
Հայաստանի Արտաքին գործոց փոխ-նախարար Շաւարշ Քոչարեան յայտարարեց, որ Երեւան ուշադրութեամբ կը հետեւի Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու եւ Ռուսաստանի յարաբերութիւններուն մէջ ծայր տուած լարուածութեան եւ համապատասխան բոլոր զարգացումներուն։ Tert.am կայքէջի հարցման ի պատասխան Շաւարշ Քոչարեան ըսաւ.
Հայաստանի Վարչապետ Կարէն Կարապետեան յայտարարեց, որ երկրէն ներս տարածքային զարգացման անհամաչափութիւնները իր կառավարութեան կարեւորագոյն մարտահրաւէրներու շարքին կը գտնուին։ Երէկ, Երեւանի մէջ տեղի ունեցաւ Հայաստանի կառավարութեան հերթական նիստը։
Հայաստանի եւ Վրաստանի ղեկավարութիւնները կը ձգտին արժեւորել իրենց բնորոշ ուժեղ կողմերն ու մրցակցային առաւելութիւնները:
Հայաստանի Առաջին տիկին Ռիթա Սարգսեանի բարձր հովանաւորութեամբ, Լեռնային Ղարաբաղի Մշակոյթի եւ երիտասարդութեան հարցերու նախարարութեան եւ Հայաստանի Մշակոյթի նախարարութեան աջակցութեամբ, Շուշիի Ռէալական ուսումնարանի բացօթեայ տարածքէն ներս, յառաջիկայ Սեպտեմբերի 1-ին, տեղի պիտի ունենայ Հարօ Ստեփանեանի «Սասունցի Դաւիթ» հերոսական օփերայի համաշխարհային անդրանիկ ներկայացումը։
Բարձրագոյն զինուորական խորհուրդի երէկուան որոշումները վաւերացուեցան Հանրապետութեան նախագահ Րէճէպ Թայյիպ Էրտողանի կողմէ:
Հայաստանի նախագահը Թեհրանի մէջ պիտի մասնակցի իր պաշտօնակցի երդման արարողութեան:
Փորձագիտութեան աշխարհի հսկայական ընկերութիւններէն Apple-ի եկամուտները աննախընթաց վերելք մը արձանագրած են վերջին ամիսներուն, ինչ որ հասած է համաշխարհային տնտեսութեան ընդհանուր վիճակին վրայ ազդելու մակարդակին։
Ամերիկահայ Արամազդ Անդրէասեան, որ կը մեղադրուէր իր հնգամեայ որդւոյն սպանութեամբ, ընդունեց իր մեղքը։ «Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, «Լոս Անճելըս Թայմզ» թերթը գրած է, որ ան կրնայ դատապարտուիլ 25 տարուան բանտարկութեան։