Լրահոս
ԿԱՐԵՒՈՐ ԺԱՄԱԴՐՈՒԹԻՒՆ
Էրտողան եւ Օպամա Սեպտեմբերի 4-ին պիտի տեսակցին Չինաստանի մէջ, «G-20»ի գագաթաժողովին շրջագծով:
Երկու նախագահներուն հանդիպումը առիթ պիտի դառնայ ամենաբարձր մակարդակի վրայ քննարկելու համար՝ Սուրիոյ տագնապին շուրջ Անգարայի եւ Ուաշինկթընի միջեւ առկայ տարաձայնութիւնները: Թուրքիա եւ ԱՄՆ հակասութիւններ կը դիմագրաւեն նաեւ «Եփրատի վահան» գործողութիւններուն պատճառով:
ԹՈՒՐՔԻԱ ԳԵՐՄԱՆԻԱՅԷՆ ԿԸ ՊԱՀԱՆՋԷ ՀՐԱԺԱՐԻԼ ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԲԱՆԱՁԵՒԷՆ
Արտաքին գործոց նախարար Մեւլիւտ Չավուշօղլու յայտարարեց, որ գերմանացի խորհրդարանականներուն հնարաւորութիւն պիտի տրուի այցելել Ինճիրլիքի ռազմակայան, եթէ Գերմանիոյ կառավարութիւնը հրաժարի Պունտեստակի կողմէ ընդունուած՝ հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման վերաբերեալ որոշումէն։ Ինչպէս ծանօթ է, անցեալ գարնան Պունտեստակէ ներս հայկական բանաձեւին ընդունուիլը լուրջ ցնցում մը յառաջացուցած էր Թուրքիա-Գերմանիա յարաբերութիւններուն մէջ։
ՕԳՈՍՏՈՍ 30-Ի ՏՕՆԸ
Բովանդակ Թուրքիոյ մէջ այսօր կը նշուի Օգոստոս 30-ի տօնը։ Հանրապետութեան հիմնադիր մեծն Աթաթիւրքի գլխաւորութեամբ 1922-ին տարուած Մեծ Յաղթանակի 94-րդ տարեդարձին առթիւ տեղի կ՚ունենան տօնակատարութիւններ։
ԱՂԲԵՐՈՒ ՆՈՐ ԿՈՅՏԵՐ
ԽՏԱՑԵԱԼ ՇՓՈՒՄՆԵՐ
Թիֆլիզի եւ Պաքուի ղեկավարները յառաջ կ՚ընթանան սերտ համագործակցութեան ճանապարհով:
Էլմար Մամէտեարով Վրաստան այցելեց, Կէորկի Քվիրիքաշվիլի շուտով պիտի մեկնի Ատրպէյճան:
ՄԱՀ՝ ՔԵՐԻՄՈՎԻ
Էօզպեքիստանի Նախագահ Իսլամ Քերիմով մահացաւ 78 տարեկան հասակին։ Ուղեղի արիւնահոսութեան մը հետեւանքով մահացաւ էօզպեք ղեկավարը։ Թէեւ պաշտօնական աղբիւրները չեն հաստատեր իր մահուան վերաբերեալ լուրերը ու կը յայտնեն, որ խտացեալ խնամքի տակ կը գտնուի հիւանդանոցի մէջ։
ԵԴՈՒԱՐԴ ՆԱԼՊԱՆՏԵԱՆ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ԵՐԵՒԱՆԻ ՄԷՋ ԿԱԶՄԱԿԵՐՊՈՒԱԾ ԳԵՐՄԱՆԱ-ՀԱՅԿԱԿԱՆ ՖՈՐՈՒՄԻ ՄԱՍՆԱԿԻՑ ՊՈՒՆՏԵՍԹԱԿԻ ԵՐԵՍՓՈԽԱՆԸ
Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Եդուարդ Նալպանտեան երէկ ընդունեց Երեւանի մէջ կազմակերպուած Գերմանա-հայկական ֆորումին պատուիրակութիւնը՝ գլխաւորութեամբ Պունտեստակի երեսփոխան Ալպերթ Վայլէի։ Պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, ողջունելով հիւրերը՝ Նալպանտեան կարեւորեց այս ֆորումին գործունէութիւնը՝ ուղղուած Հայաստան-Գերմանիա բարեկամական յարաբերութիւններու առաւել ամրապնդման եւ ընդլայնման։
ԾԱՆՐԱԿՇԻՌ ՔԱՅԼԵՐ
«Եփրատի վահան» գործողութիւնը կ՚ուղղուի դէպի ՓԵՏ-ԵՓԿ-ի շարքերը՝ ազդու ռմբակոծումներով:
Թուրքիոյ աջակցութեամբ դաշտի վրայ առաւելութիւն կ՚արձանագրէ նաեւ Ազատ Սուրիոյ բանակը:
ԱՐԴԻՒՆԱՒԷՏ ԱՇԽԱՏԱՆՔ
«Կիւլպէնկեան» հիմնարկին կողմէ կազմակերպուած ամառնային ճամբարի ծրագիրը եզրափակուեցաւ:
Լիզպոն մեկնած պոլսահայ երիտասարդներու խումբը քաղաքս վերադարձաւ՝ դրական տպաւորութիւններով: