ԲԱՆԱԿԻ ՆՈՐ ՎԵՐՆԱԽԱՒԸ
Բարձրագոյն զինուորական խորհուրդի երէկուան որոշումները վաւերացուեցան Հանրապետութեան նախագահ Րէճէպ Թայյիպ Էրտողանի կողմէ:
Վարչապետ Պինալի Եըլտըրըմ մատնանշեց տարածքաշրջանային եւ միջազգային այն գործօնները, որոնք կը սպառնան ահաբեկչութեան դէմ մղուած պայքարին:
Հայաստանի նախագահը Թեհրանի մէջ պիտի մասնակցի իր պաշտօնակցի երդման արարողութեան:
Փորձագիտութեան աշխարհի հսկայական ընկերութիւններէն Apple-ի եկամուտները աննախընթաց վերելք մը արձանագրած են վերջին ամիսներուն, ինչ որ հասած է համաշխարհային տնտեսութեան ընդհանուր վիճակին վրայ ազդելու մակարդակին։
Ամերիկահայ Արամազդ Անդրէասեան, որ կը մեղադրուէր իր հնգամեայ որդւոյն սպանութեամբ, ընդունեց իր մեղքը։ «Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, «Լոս Անճելըս Թայմզ» թերթը գրած է, որ ան կրնայ դատապարտուիլ 25 տարուան բանտարկութեան։
Պաքու-Թիֆլիզ-Կարս նորակառոյց երկաթուղիին միջոցաւ արդէն փոխադրուեցան առաջին ուղեւորները։ Այսպէս, Հաղորդակցութեան նախարար Ահմէտ Արսլան ճամբորդութիւն մը իրականացուց՝ Ատրպէյճանէն, Վրաստանէն եւ Ղազախիստանէն իրաւասուներու հետ։
Մայք Փենս. «Ուաշինկթըն կը պաշտպանէ Թիֆլիզի անդամակցութիւնը ՆԱԹՕ-ին»:
Հայաստանի Տնտեսական զարգացման ու ներդրումներու առաջին փոխ-նախարար Գարեգին Մելքոնեան յայտարարեց, որ 2018 թուականէն սկսեալ երկրէն դէպի Եւրոմիութիւն արտածման ընթացակարգերը պիտի դառնան աւելի պարզ։ Անցեալ տարի Հայաստանէն դէպի ԵՄ արտածումներու եւ արտածման գործարքներու թիւը բարձրացած էր։
Հայազգի ջութակահար Նիքոլայ Մատոյեան «Կինես»ի գիրքի ցուցանիշ արձանագրած է: Այս մասին, ըստ News.am-ի, Մատոյեան գրած է դիմատետրի իր էջին վրայ: