ՍԱՐԳՍԵԱՆ ՏԵՍԱԿՑԵՑԱՒ ՏՈՒՊԱՅԻԻ ԵՒ ՇԱՐԺԱՅԻ ԿԱՌԱՎԱՐԻՉՆԵՐՈՒՆ ՀԵՏ
Հայաստանի Նախագահ Սերժ Սարգսեան երէկ շարունակեց իր պաշտօնական այցելութիւնը դէպի Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններ։ Ապու Տապիի շփումներէն վերջ ան երէկ ուղեւորութեան ծրագիրը շարունակեց Տուպայիի մէջ։ Սերժ Սարգսեան հիւրընկալուեցաւ Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու Փոխ-նախագահ, Վարչապետ ու Տուպայիի կառավարիչ Շէյխ Մուհամմէտ Պին Ռաշիտ Էլ Մաքթումի կողմէ։