ՀՈԳԵԼՈՅՍ ՉՈԼԱՔԵԱՆ ԳԵՐԱՊԱՅԾԱՌ ՈԳԵԿՈՉՈՒԵՑԱՒ ԻՐ ՄԱՀՈՒԱՆ ՔԱՌԱՍՆԻՑ ԼՐՄԱՆ ԱՌԹԻՒ
Թուրքիոյ Հայ Կաթողիկէ հասարակութեան նախկին բազմամեայ ու բազմավաստակ վիճակաւոր Տ. Յովհաննէս Արք. Չոլաքեան շաբաթավերջին ոգեկոչուեցաւ իր մահուան քառասնից լրման առթիւ։ Երէկ առաւօտ Թաքսիմի Ս. Յովհան Ոսկեբերան եկեղեցւոյ մէջ յաւարտ Ս. Պատարագի հոգեհանգստեան պաշտօն կատարուեցաւ հոգելոյս գերապայծառին համար։