Լրահոս

ՆԱԽԱՐԱՐ ՆԱԼՊԱՆՏԵԱՆ ՎԱՂԸ ՇՓՈՒՄՆԵՐ ՊԻՏԻ ՈՒՆԵՆԱՅ ՊԵՐԼԻՆԻ ՄԷՋ

Հա­յաս­տա­նի Ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րար Ե­դուարդ Նալ­պան­տեան վա­ղը շփում­ներ պի­տի ու­նե­նայ Պեր­լի­նի մէջ։ Նա­խա­տե­սուած է իր հան­դի­պու­մը Գեր­մա­նիոյ Ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րար Ֆրանք-Վալ­թէր Շթայն­մա­յէ­րի հետ։

ԵՐԵՒԱՆ ԱՐԴԷՆ ՁԻՒՆԱԾԱԾԿ

Ե­րե­ւա­նի մէջ այս ե­ղա­նա­կին ար­դէն ձիւ­նած է ա­ռա­ջին ան­գամ։ Հա­յաս­տա­նի լրա­տուա­կան գոր­ծա­կա­լու­թիւն­նե­րը ար­դէն կը սփռեն ձիւ­նա­ծածկ մայ­րա­քա­ղա­քէն դրուագ­ներ։ Ընդ­հան­րա­պէս, այս տա­րի ձմե­ռը կա­նուխ վրայ հա­սած է Հա­յաս­տա­նի մէջ։

ԱՍԻԼՎԱՅԻ ՑՈՒՑԱՀԱՆԴԷՍԸ

Յայտ­նի նկար­չու­հի Ա­սիլ­վա վեր­ջերս ցու­ցա­հան­դէս մը բա­ցաւ Փա­րի­զի մէջ, ի շա­րու­նա­կու­թիւն ան­ցեալ Սեպ­տեմ­բե­րին Ե­րե­ւա­նի Ժա­մա­նա­կա­կից ա­րուես­տի թան­գա­րա­նի իր գոր­ծե­րու ներ­կա­յաց­ման։ Ար­դա­րեւ, Փա­րի­զի Փան­թէո­նի հրա­պա­րա­կին վրայ գտնուող 5-րդ թա­ղա­մա­սի քա­ղա­քա­պե­տա­րա­նի շքեղ սրահ­նե­րուն մէջ հոծ բազ­մու­թեան մը ներ­կա­յու­թեան բա­ցու­մը կա­տա­րուե­ցաւ Ա­սիլ­վա­յի ցու­ցա­հան­դէ­սին, նուի­րուած՝ Հա­յաս­տա­նի Հան­րա­պե­տու­թեան ան­կա­խու­թեան 25-ա­մեա­կին։

Վի­գէն Չըթ­րեան. «Ե­թէ Սու­րիոյ մէջ զի­նուո­րա­կան կշի­ռը փո­խուի, հա­յե­րը շատ լուրջ վտան­գի առ­ջեւ պի­տի գտնուին»

«Ա­րե­ւելք» կայ­քէ­ջի վրայ կը կար­դանք.-

Վերլուծաբան Վի­գէն Չըթ­րեա­նի կար­ծի­քով՝ «Ի­ՇԻՊ-ը, ամ­բող­ջո­վին դուրս պի­տի չգայ Ի­րա­քէն եւ տե­ղա­փո­խուի Սու­րիա, քա­նի որ ա­նոր ինք­նու­թիւ­նը, գո­նէ իր ող­նա­շա­րը՝ ի­րա­քեան է»: Ան շա­րու­նա­կեց. «Մու­սու­լի ան­կու­մէն ետք, Ի­ՇԻՊ-ի ա­մե­նա­մեծ քա­ղա­քը՝ սու­րիա­կան Ռաք­քան պի­տի դառ­նայ: Չեմ գի­տեր, թէ ա­նոնք որ­քա­նով պատ­րաստ են Ռաք­քա­յի հա­մար մեծ ճա­կա­տա­մարտ մղե­լու եւ կամ ա­նա­պա­տա­յին շրջան­նե­րու մէջ հաս­տա­տուե­լու»:

«ԵՍ ՃԻՇԴ ՀԱՅ ԵՄ…»

Հայաստանի «Սիվիլնեթ» համացանցային հեռուստակայանը շաբաթավերջին ծաւալուն հարցազրոյց մը սփռեց Պատրիարքական ընդհանուր փոխանորդին հետ:
Տ. Արամ Արքեպիսկոպոս Աթէշեանի համոզմամբ, երբեք պէտք չէ ակնկալել, որ հոգեւոր իշխանաւորին եւ աշխարհականներուն խօսքը ըլլայ նոյնը, անոնք անշուշտ տարբեր կը խօսին:

ՆԻՒ ԵՈՐՔԻ ՄԷՋ ՀԱՒԱՔՆԵՐ

Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ կառոյցներուն եւ ՀԲԸՄ-ի միացեալ ժողովը՝ յոբելենական մթնոլորտի պայմաններով:
Վեհափառ Հայրապետի գահակալութեան 17-րդ տարեդարձը նշուեցաւ Ս. Վարդան առաջնորդանիստ եկեղեցւոյ երդիքին տակ, հանդիսապետութեամբ՝ Տ. Արամ Արք. Աթէշեանի:

ՀԱՔՔԵԱՐԻԻ ՄԷՋ ԵՐԵՔ ՆԱՀԱՏԱԿ

Հաք­քեա­րիի Եիւք­սէ­քո­վա գա­ւա­ռա­կին մէջ ե­րէկ նա­հա­տա­կուե­ցան Թուրք զի­նեալ ու­ժե­րէն ե­րեք զի­նուոր­ներ, ինչ որ խոր ցաւ յա­ռա­ջա­ցուց ամ­բողջ երկ­րին մէջ։ Հի­սար­տա­ղըի եւ Տաղ­լը­ճա­յի շրջան­նե­րէն ներս ե­րէկ ժա­մը շուրջ 14.00-ին բա­խում մը ծա­գե­ցաւ անվտան­գու­թեան ու­ժե­րուն եւ ան­ջա­տո­ղա­կան ա­հա­բեկ­չա­կան ՓՔՔ կազ­մա­կեր­պու­թեան ան­դամ­նե­րուն մի­ջեւ։

ԶՕՐԱՎԱՐ ԱՈՒՆ ԼԻԲԱՆԱՆԻ ՆՈՐԸՆՏԻՐ ՆԱԽԱԳԱՀ

Սագօ Արեան կը տեղեկացնէ.-

Նա­խա­տե­սուա­ծին պէս Լի­բա­նա­նի խորհր­դա­րա­նը նա­խա­գա­հա­կան ընտ­րու­թեան 46-րդ նիս­տով զօ­րա­վար Մի­շէլ Աու­նը ընտ­րեց երկ­րի 13-րդ նա­խա­գահ: Զօ­րա­վա­րին ընտ­րու­թիւ­նը ար­դիւնքն էր ոչ միայն ներ­քին քա­ղա­քա­կան հա­մա­ձայ­նու­թիւն­նե­րու, այլ կը դառ­նար շրջա­նա­յին մեծ հար­ցե­րու լուծ­ման հա­մար յու­սա­տու ջահ մը:

Հալէպի մէջ առեւանգուած եպիսկոպոսները Ռաքքայի մէջ

Ս. Եա­գուպ վան­քի գլխա­ւոր մայ­րա­պետ Մայր Ագ­նէ­սի փո­խանց­մամբ 2013-էն ի վեր Հա­լէ­պի  մէջ ա­ռե­ւան­գուած եր­կու ե­պիս­կո­պոս­նե­րը տա­կա­ւին ողջ են եւ կը գտնուին Ի­ՇԻՊ-ի կեդ­րո­նա­տե­ղի հա­մա­րուող՝ Ռաք­քա­յի մէջ:

զեփիւռ ճերահեան. «Ուզեցի աշխարհին լսելի դարձնել սուրիացի փախստականներուն չլսուած ձայնը»

«Փախս­տա­կան­նե­րը ձայն չու­նին, ա­նոնք ան­ձայն են ու լուռ, ա­տոր հա­մար ալ իմ հիմ­նա­կան նպա­տակս է՝ ա­նոնց մա­սին խօ­սիլ, լու­սա­բա­նել եւ ե­թէ կա­րե­լի ըլ­լայ՝ օգ­նել: Այ­սօր Սու­րիոյ մէջ ե­ղած դէպ­քե­րը ին­ծի ա­կա­մայ յի­շեց­նել կու տան  հա­րիւր տա­րի ա­ռաջ մեր ժո­ղո­վուր­դին դէմ ե­ղած դէպ­քե­րը», յայտ­նեց նկար­չու­հի Զե­փիւռ Ճե­րա­հեան:

Էջեր