ՏԻԱՐՊԱՔԸՐԻ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՎԻՃԱԿԸ
Անգլիական «The Times» յայտնի թերթը հրատարակեց յօդուած մը՝ Տիարպաքըրի կեդրոնին գտնուող Ս. Կիրակոս եկեղեցւոյ ներկայ վիճակին շուրջ։ Այս շրջագծով թերթը գրեց, թէ քաղաքի մէջ տեղի ունեցող պայթումները կը վնասեն այս պատմական կոթողը։
Գատըգիւղի Արամեան-Ունճեան վարժարանին մէջ փայլուն հանդէս մը տեղի ունեցաւ Նոր տարուան եւ Ս. Ծննդեան առթիւ։ Անցեալ տարուան վերջընթեր օրը կազմակերպուած այս ձեռնարկը ստեղծեց մեծ խանդավառութիւն։ Ամբողջ դպրոցին մէջ լիուլի ապրուեցաւ տօնական հրճուանքը։
Գալֆաեան Տան ընտանիքը Ամանորի եւ Ս. Ծննդեան շրջանին ապրեցաւ մեծ հրճուանք։ Տօնական ուրախութիւնը դպրոցը համակած էր նախորդող շաբաթներէն սկսեալ։