ԼԵՒՈՆ-ՎԱՐԴՈՒՀԵԱՆԻ ՍԱՆԵՐՈՒՆ ՅՈՒԶԻՉ ՀՐԱԺԵՇՏԸ
Թոփգաբուի Լեւոն-Վարդուհեան վարժարանի շրջանաւարտութեան հանդէսը կայացաւ թաղի եկեղեցւոյ «Իլգգան» սրահին մէջ։ Ներկայ էին տեղւոյն թաղային խորհուրդի անդամները՝ գլխաւորութեամբ ատենապետ Մուրատ Չաքանի, վարժարանի հիմնադրի ներկայացուցիչ Եդուարդ Հարբութ, Ս. Փրկիչ Ազգային հիւանդանոցի ընդհանուր քարտուղարուհի Սիլվա Թրիքա, նախկին ատենապետուհի ու բարերար Մոնիք Երկանեան, ծնողաց միութենէն անդամներ, կրթական մշակներ եւ հրաւիրեալներ։ Յայտագրի տեւողութեան արտայայտուեցան տնօրէնուհի Անիթա Թումայեան, Մուրատ Չաքան եւ Եդուարդ Հարբութ, որոնք շնորհաւորեցին շրջանաւարտները։
Մշոյ Ս. Կարապետ վանքի վերակառուցման, գէթ իր գտնուած պատմական վայրը յիշողութեան վայրի մը վերածելու ուղղութեամբ Սասուն-Պիթլիս-Մուշի եւ այլ վայրերու հայ փոքրամասնութեանց միութեան կողմէ նախաձեռնուած ջանքերը հետզհետէ կը սկսին տալ իրենց արդիւնքը։
Վարպետ լուսանկարիչ Արա Կիւլէր հիւրընկալուեցաւ «Զաման» օրաթերթին կողմէ աւանդաբար կազմակերպուող լրագրողական ձեւաւորման օրերու ձեռնարկին։ Այս առթիւ բացման խօսքեր արտասանեցին «Զաման»ի հրատարակութեան ընդհանուր տնօրէն Էքրէմ Տումանլը եւ տեսողական հրատարակութեան վարիչ Ֆեւզի Եազըճը։