ՊԷԶՃԵԱՆԻ ՇՐՋԱՆԱՒԱՐՏԻՑ ՕՐԸ
Պէզճեան Մայր վարժարանի շրջանաւարտները երէկ հերթական անգամ համախմբուելով վերյիշեցին իրենց դպրոցական տարիները։ Երէկ առաւօտ Ս. Աստուածածին Աթոռանիստ Մայր եկեղեցւոյ մէջ մատուցուած Ս. Պատարագէն վերջ, Գումգաբուի «Պէզճեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ այս տարուան շրջանաւարտից հաւաքը։ Ճաշասեղաններու շուրջ համախմբուած զանազան սերունդներէ պէզճեանցիներ ապրեցան անմիջական մթնոլորտի մը մէջ զիրար վերագտնելու ուրախութիւնը։