Թ. ԱԼՃԱՆ ԴԱՏԱՊԱՐՏԵՑ
Փոքրամասնական վագըֆներու ներկայացուցիչ Տոց. Տքթ. Թորոս Ալճան երէկ կատարեց գրաւոր յայտարարութիւն մը՝ խստօրէն դատապարտելով Կարսի Գորշ գայլերու միութեան ատենապետ Թոլկա Ատըկիւզէլի կողմէ հայերու դէմ արտասանուած անարգական նախադասութիւնները, որոնք կը պարունակէին նաեւ սպառնալիքներ։

Սասուն գտնուող 1500-ամեայ պատմութեան տէր Գոմքի Ս. Պետրոս վանական համալիրը արձանագրուեցաւ պետականօրէն։ Արձանագրութիւնը իրականացուց Մշակոյթի եւ զբօսաշրջութեան նախարարութեան Տիարպաքըրի Մշակոյթի եւ բնական ժառանգութեան պահպանման տարածքային կեդրոնը։