Թրքահայ կեանք
ՇՆՈՐՀԱՒՈՐՈՒԹԵԱՆ ԱՅՑԵԼՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան Կաթողիկէ աշխարհի Ս. Ծննդեան տօնին առթիւ այցելեց Թուրքիոյ Հայ Կաթողիկէից Արքեպիսկոպոսարանը։ Յանուն Պատրիարքական Աթոռին ան այս առթիւ շնորհաւորութիւններ յղեց Վիճակաւոր Տ. Լեւոն Արք. Զէքիեանին։
ԱԶԱՏՈՒՀԻ ԹՈՐՈՍԻ ՄԱՀԸ
Խոր ցաւով վերահասու եղանք, որ այս առաւօտեան կանուխ ժամերուն իր մահկանացուն կնքած է մեր համայնքի երէց սերունդի համակրելի դէմքերէն Ազատուհի Թորոս։ Հանգուցեալը մայրն էր «Ֆօթօ Պոլիս» լուսանկարչական ծառայութեան հիմնադիր, յայտնի լուսանկարիչ Մկրտիչ Արծիւեանի։
ԳԱՏԸԳԻՒՂԻ ՄԷՋ ՔԷՐՄԷՍ
Ամանորի սեմին Գատըգիւղի մէջ տեղի ունեցաւ քէրմէս մը։ Ս. Թագաւոր Դպրաց Դաս-երգչախումբը Գատըգիւղի համանուն եկեղեցւոյ «Պալըքճեան» սրահին մէջ կազմակերպեց այս ձեռնարկը, որու մասնակից թաղեցիները բաժնեցին տօնական շրջանի հրճուանքը։
ԷՍԱԵԱՆ ՎԱՐԺԱՐԱՆԻ ՍԱՆԵՐԸ ՓԱՅԼՈՒՆ ՅԱՋՈՂՈՒԹԻՒՆՆԵՐ ԱՐՁԱՆԱԳՐԵՑԻՆ ՃԱՏՐԱԿԻ ՄԷՋ
Էսաեան վարժարանի աշակերտները վերջերս ճատրակի մէջ արձանագրեցին փայլուն յաջողութիւններ։ Պէյօղլուի շրջանի վարժարաններուն միջեւ կազմակերպուած մրցաշարքի մը շրջագծով անոնք ապահովեցին դափնիներ, ինչ որ արժանացաւ մեծ գնահատանքի։
ՇԻՇԼԻՑԻՆԵՐՈՒՆ ՓԱՅԼՈՒՆ ԽՐԱԽՃԱՆՔՆԵՐԸ
Շիշլի մարզակումբի վարչութեան նախաձեռնութեամբ ձմրան դասընթացքներու մասնակիցներուն համար կազմակերպուեցան Ամանորի խրախճանքներ։ Այսպէս, թէ՛ ակումբի հաւաքատեղիին եւ թէ Պաքըրգիւղի Տատեան վարժարանի «Եթքին Պէրպէրօղլու» մարզասրահին մէջ տեղի ունեցան խրախճանքները։
ԿԷՏԻԿՓԱՇԱՅԻ ՄԱՏԱՂՕՐՀՆՈՒԹԻՒՆԸ
Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան երէկ նախագահեց Սուրբ Յովհաննէս եկեղեցւոյ արարողութիւններուն:
Ատենապետ Յարութիւն Շանլըի կողմէ գլխաւորուած թաղային խորհուրդը բեղուն աշխատանք կը տանի բոլոր ուղղութիւններով՝ արժանանալով համայնքի գնահատանքին:
ՊԱՔԸՐԳԻՒՂՑԻՆԵՐՈՒՆ ԶՈՒԱՐԹ ԱՄԱՆՈՐԸ
Պաքըրգիւղի Տատեան սանուց միութեան նախաձեռնութեամբ շաբաթավերջին ձեռնարկ մը կազմակերպուեցաւ Ամանորի առթիւ։ Միութեան երդիքին տակ զանազան դասընթացքներու մասնակից փոքրիկներուն համար նախատեսուած խրախճանք մըն էր այս մէկը։
ՎԱՐԴԱՆԱՆՑ ԵՐԳՉԱԽՈՒՄԲԻ ՓՈՔՐԻԿՆԵՐԸ ՆՈՒԷՐՆԵՐ ՍՏԱՑԱՆ ԱՄԱՆՈՐԻ ԱՌԹԻՒ
Ֆէրիգիւղի Ս. Վարդանանց Դպրաց Դաս-երգչախումբը Ամանորի շրջանին կը տեւականացնէ աւանդութիւնները։ Տօնական օրերու ուրախութենէն առաւելագոյն բաժինը կը վիճակի մանկապատանեկան կազմի անդամներուն։
ԳԱՏԸԳԻՒՂԻ ՄԷՋ «ՍԱՐ»Ի ՆԵՐԿԱՅԱՑՈՒՄ
Մեր գեղարուեստական աշխարհի համակրելի ու արժէքաւոր անուններէն Միհրան Թովմասեան եւ Սարօ Ուսթա երէկ երեկոյեան Գատըգիւղի Արամեան սանուց միութեան մէջ հանդէս եկան «Սար» անուն ներկայացումով։