Թրքահայ կեանք

ԶՕՐԱԿՑՈՒԹԵԱՆ ԿՈԹՈՂ

​Վաքըֆլըգիւղի մէջ նոր շրջանի խորհրդանշանը դարձած համալիրին շինարարութիւնը գրեթէ աւարտած:
Այս շաբաթավերջին Գնալը կղզիի մէջ տեղի պիտի ունենայ խրախճանք մը եւ ժողովուրդին պիտի բաժնուի աւանդական հարիսան:
Միհրան Ուլիկեան գոհ է կառուցման ծրագրի արդիւնքէն ու լաւատես ապագայի ձեռքբերումներու ուղղութեամբ:

ԿԱԶԴՈՒՐՄԱՆ ԿԱՅԱՆԻ ՀԻՄՆԱԴՐՈՒԹԵԱՆ 50-ԱՄԵԱՅ ՅՈԲԵԼԵՆԱԿԱՆ ՇՐՋԱՆԻՆ ՅԱՏԿԱՆՇԱԿԱՆ ՁԵՌՆԱՐԿ ՄԸ՝ ԳՆԱԼԸ ԿՂԶԻԻ ՄԷՋ

Ե­րէկ ե­րե­կո­յեան Գա­րա­կէօ­զեան Տան Գնա­լը կղզիի Կազ­դուր­ման կա­յա­նին մէջ տե­ղի ու­նե­ցաւ ո­գե­կոչ­ման ձեռ­նարկ մը։ Կա­յա­նի հիմ­նադ­րու­թեան 50-ա­մեայ յո­բե­լե­նա­կան շրջա­նին զու­գա­դի­պած յատ­կան­շա­կան ե­րե­կոյթ մըն էր այս մէ­կը, ո­րու ըն­թաց­քին ո­գե­կո­չուե­ցաւ հաս­տա­տու­թեան հիմ­նա­դի­րը՝ հո­գե­լոյս Շնորհք Պատ­րիարք Գա­լուս­տեան։

ԱՆԺԱՄԱՆԱԿ ԵՒ ԱՆՄԽԻԹԱՐ

Ոչ եւս է իր մարմնաւորած համեստութեամբ մեր հաւաքական կեանքէն ներս յարգանք ու համակրանք վայելելու ախոյեան դարձած պատուական ու շատ սիրելի դէմք մը՝ Նատիա Կիւլմէզկիլ, որ իր սիրելիներէն հրաժեշտ կ՚առնէ թողլով նուիրականութեան համազօր խնկելի, բարի եւ անթառամ յիշատակ մը:
Համայնքային շրջանակները բարոյական անկեղծ զօրակցութեան զգացումներով կը գօտեպնդեն երախտաշատ բարերար եւ Գարակէօզեան Տան խնամակալութեան ատենապետ Տիգրան Կիւլմէզկիլը, որ խոր սուգի մատնուած է իր ամենասիրելի եւ ազնուական կողակցին կորուստով, անողոք հիւանդութեան դէմ մղուած երկարատեւ ու մաշեցուցիչ պայքարի շրջանէ մը վերջ:

ՊԱՏՐԻԱՐՔԱԿԱՆ ԸՆԴՀԱՆՈՒՐ ՓՈԽԱՆՈՐԴ Տ. ԱՐԱՄ ԱՐՔ. ԱԹԷՇԵԱՆԻ ՑԱՒԱԿՑԱԿԱՆ ՆԱՄԱԿԸ՝ ԷԼԱԶԸՂԻ ԿՈՒՍԱԿԱԼԻՆ

Պատ­րիար­քա­կան Ընդ­հա­նուր Փո­խա­նորդ Տ. Ա­րամ Արք. Ա­թէ­շեան, 20 Օ­գոս­տոս 2016, Ուր­բաթ, Է­լա­զը­ղի կու­սա­կալ Մու­րատ Զօր­լուօղ­լուին ուղարկեց ցա­ւակ­ցա­կան նա­մակ մը։

ԹԱԼԻՆ ՆԱՅԻՐ՝ ՊԷԶՃԵԱՆ ՄԱՅՐ ՎԱՐԺԱՐԱՆԻ ՆՈՐԱՆՇԱՆԱԿ ՏՆՕՐԷՆՈՒՀԻ

Պէզ­ճեան Մայր վար­ժա­րա­նի տնօ­րէ­նու­հի նշա­նա­կուե­ցաւ Թա­լին Նա­յիր։ Ծա­նօթ է, որ վեր­ջին տա­րի­նե­րուն բազ­մա­վաս­տակ ու փոր­ձա­ռու կրթա­կան մշակ մը Ե­ղի­սա­բէթ Չա­թա­նաս­լան կը վա­րէր այդ պաշ­տօ­նը։ 2015-2016 կրթա­կան շրջա­նի ա­ւար­տին ան ո­րո­շած է կո­չուիլ հանգս­տեան՝ բա­զում տա­րի­նե­րու իր ե­րախ­տա­շատ ու նուի­րեալ կրթա­կան գոր­ծու­նէու­թե­նէն վերջ։

ՍԵԼԻՆԱ ՄԱՆԱՆԻ ՓԱՅԼՈՒՆ ՆՈՒԱՃՈՒՄԸ

Գո­հու­նա­կու­թեամբ վե­րա­հա­սու կ՚ըլ­լանք, թէ մեր հա­մայն­քի ար­ժէ­քա­ւոր ե­րի­տա­սար­դու­հի­նե­րէն Սե­լի­նա Մա­նան փայ­լուն նուա­ճում մը ար­ձա­նագ­րած է հա­մալ­սա­րա­նա­կան մտից քննու­թիւն­նե­րու ար­դիւն­քին։ Այս­պէս, ան յա­ջո­ղած է մուտք գոր­ծել Իս­թան­պու­լի հա­մալ­սա­րա­նի Ճեր­րահ­փա­շա­յի բժշկու­թեան բա­ժի­նը։ Ծա­նօթ է, որ հա­մալ­սա­րա­նի մտից քննու­թիւն­նե­րու դժուարին դրու­թեան մէջ այս ար­դիւն­քին հաս­նիլ կը նշա­նա­կէ գե­րա­զանց մա­կար­դա­կի մը վրայ գտնուիլ։

Տ. ԱՐԱՄ ԱՐՔ. ԱԹԷՇԵԱՆ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԳԻՐ ՄԸ ՅԱՆՁՆԵՑ ԳՐԻԳՈՐԵԱՆԻՆ

Պատ­րիար­քա­կան Ընդ­հա­նուր Փո­խա­նորդ Տ. Ա­րամ Արք. Ա­թէ­շեան վեր­ջերս Գում­գա­բուի մէջ հիւ­րըն­կա­լեց «Ի­թի­մատ պիւ­րօ»ի բազ­մա­մեայ պա­տաս­խա­նա­տու Սար­գիս Գրի­գո­րեա­նը։ Հան­դիպ­ման ներ­կայ էին Պատ­րիար­քա­րա­նի հա­շուա­պահ­նե­րէն Հեր­ման Կիւր­ճիեան եւ Պետ­րոս Մար­զուան։

Էջեր