Թրքահայ կեանք

ՀԱՄԱՅՆՔԱՅԻՆ ԿԱՐԳ ՄԸ ՎԱՐԺԱՐԱՆՆԵՐՈՒ ՏՆՕՐԷՆՆԵՐԸ ՓՈՓՈԽՈՒԹԵԱՆ Կ՚ԵՆԹԱՐԿՈՒԻՆ

2015-2016 կրթա­կան շրջա­նը հա­սաւ իր ա­ւար­տին։ Մեր վար­ժա­րան­նե­րու ա­շա­կերտ­նե­րը մեկ­նե­ցան ամ­րան ար­ձա­կուր­դի։ Մինչ այդ, այս մթնո­լոր­տին մէջ, ար­դէն հա­մայն­քա­յին կեան­քէն ներս հետզ­հե­տէ ար­ձա­գանգ կը գտնեն դպրոց­նե­րուն վե­րա­բե­րեալ վար­չա­կան ի­րա­դար­ձու­թիւն­նե­րը։

ՖԷՐԻԳԻՒՂԻ ՄԷՐԱՄԷԹՃԵԱՆ ՎԱՐԺԱՐԱՆԻՆ ՄԷՋ ԿՐԹԱԿԱՆ ՇՐՋԱՆԻ ԱՒԱՐՏԸ ԲՆՈՐՈՇՈՒԵՑԱՒ ՓԱՅԼՈՒՆ ՀԱՆԴԷՍՆԵՐՈՎ

​Ֆէ­րի­գիւ­ղի Մէ­րա­մէթ­ճեան վար­ժա­րա­նին մէջ 2015-2016 կրթա­կան շրջա­նի եզ­րա­փա­կիչ փու­լը բնո­րո­շուե­ցաւ մեծ խան­դա­վա­ռու­թեամբ։ Դպրո­ցէն ներս տե­ղի ու­նե­ցան զա­նա­զան հան­դէս­ներ, ո­րոնք ա­մառ­նա­մու­տի փու­լին ո­գե­ւո­րու­թեան ա­ռիթ հան­դի­սա­ցան Ֆէ­րի­գիւ­ղի ամ­բողջ ըն­տա­նի­քին տե­սա­կէ­տէ։

ԳԱՏԸԳԻՒՂԻ ԱՐԱՄԵԱՆ-ՈՒՆՃԵԱՆ ՎԱՐԺԱՐԱՆԻ ՇՐՋԱՆԱՒԱՐՏՆԵՐԸ ԱՅՑԵԼԵՑԻՆ ԹԱՂԻ Ս. ԹԱԳԱՒՈՐ ԵԿԵՂԵՑԻՆ

Գա­տը­գիւ­ղի Ա­րա­մեան-Ուն­ճեան վար­ժա­րա­նի այս տա­րուան շրջա­նա­ւար­նե­րը ան­ցեալ շա­բաթ այ­ցե­լու­թեան փու­թա­ցին թա­ղի Ս. Թա­գա­ւոր ե­կե­ղե­ցին։ Տ. Յա­րու­թիւն Ա­բե­ղայ Տա­մա­տեան եւ Տ. Գրի­գոր Ա. Քհնյ. Տա­մա­տեան ջերմ մթնո­լոր­տի մը մէջ հիւ­րըն­կա­լե­ցին տղա­քը, ո­րոնց փո­խան­ցե­ցին ի­րենց օրհ­նու­թիւնն ու բա­րե­մաղ­թան­քը։

ԶԷՔԻԵԱՆ ԳԵՐԱՊԱՅԾԱՌ ՄԱՍՆԱԿՑԵՑԱՒ ՍԱՄԱԹԻՈՅ ԱՆԱՐԱՏ ՅՂՈՒԹԻՒՆ ՎԱՐԺԱՐԱՆԻ ՇՐՋԱՆԱՒԱՐՏՈՒԹԵԱՆ ՀԱՆԴԷՍԻՆ

Սա­մա­թիոյ Ա­նա­րատ Յղու­թիւն վար­ժա­րա­նին մէջ ա­ւան­դա­կան խան­դա­վա­ռու­թեամբ հրա­ժեշտ տրուե­ցաւ այս տա­րուան շրջա­նա­ւարտ­նե­րուն։ Թուր­քիոյ Հայ Կա­թո­ղի­կէ հա­սա­րա­կու­թեան Վի­ճա­կա­ւոր Տ. Լե­ւոն Արք. Զէ­քիեան պա­տուոյ հիւրն էր շրջա­նա­ւար­տից հան­դէ­սին։

ԳՈՒՄԳԱԲՈՒԻ ՄԷՋ ՊԱՐԳԵՒԱՏՐՈՒՄ

Հա­մայն­քա­յին վար­ժա­րան­նե­րու ըն­թա­ցա­ւարտ դա­սա­րան­նե­րէ ա­շա­կերտ­ներ, ո­րոնք կրօն­քի դա­սե­րուն մէջ լա­ւա­գոյն ար­դիւնք­նե­րը ձեռք ձգած էին, 16 Յու­նիս 2016, Հինգ­շաբ­թի, ժա­մը 18.00-ին, հա­մախմ­բուե­ցան Պատ­րիար­քա­րա­նի պար­տէ­զին մէջ։ Հան­դի­սու­թեան նա­խա­գա­հեց Կրօ­նա­կան Ժո­ղո­վի Ա­տե­նա­պետ Տ. Սա­հակ Եպսկ. Մա­շա­լեան։

ԷՍԱԵԱՆ ՎԱՐԺԱՐԱՆԻ ՄԻՋՆԱԿԱՐԳԻ ԲԱԺՆԻ ՇՐՋԱՆԱՒԱՐՏՆԵՐԸ

Է­սաեան վար­ժա­րա­նի մէջ ե­րէկ ե­րե­կո­յեան տե­ղի ու­նե­ցաւ միջ­նա­կար­գի բաժ­նի այս տա­րուան շրջա­նա­ւարտ­նե­րուն հրա­ժեշ­տի ա­րա­րո­ղու­թիւ­նը։ Ներ­կայ էին Տ. Թա­թուլ Ծ. Վրդ. Ա­նու­շեան, Է­սաեան վար­ժա­րա­նի զոյգ տնօ­րէ­նու­հի­նե­րը՝ Սա­թե­նիկ Նշան եւ Առ­լին Ե­շիլ­թէ­փէ, Պէ­յօղ­լուի Ս. Ե­կե­ղե­ցեաց թա­ղա­յին խոր­հուր­դէն ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­ներ, ծնող­ներ եւ հիւ­րեր։

ԳԱՐԱԿԷՕԶԵԱՆ ՏԱՆ ՇՐՋԱՆԱՒԱՐՏԻՑ ՀՐԱԺԵՇՏԻ ՀԱՆԴԻՍՈՒԹԻՒՆԸ

Ե­րէկ ե­րե­կո­յեան, Գա­րա­կէօ­զեան Տան մէջ տե­ղի ու­նե­ցաւ դպրո­ցի այս տա­րուան շրջա­նա­ւարտ­նե­րուն հրա­ժեշ­տի հան­դի­սու­թիւ­նը։ Ո­գե­ւոր մթնո­լոր­տի մը մէջ ան­ցաւ ե­րե­կոյ­թը, ո­րու հան­դի­սա­վար­ներն էին Ա­լեք­սան Զա­րու­քի եւ Լու­սին Չաղ­լը։

ՊԷԶՃԵԱՆ ՄԱՅՐ ՎԱՐԺԱՐԱՆԻ ԸՆԹԱՑԱՒԱՐՏՆԵՐՈՒՆ ՈԳԵՒՈՐ ՀՐԱԺԵՇՏԸ

Գում­գա­բուի ըն­տա­նի­քը ե­րէկ ե­րե­կո­յեան փայ­լուն հան­դի­սու­թիւ­նով մը հրա­ժեշտ տուաւ Պէզ­ճեան Մայր վար­ժա­րա­նի այս տա­րուան շրջա­նա­ւարտ­նե­րուն։ Ա­ւան­դա­կան հրա­ժեշ­տի ե­րե­կոյ­թը տե­ղի ու­նե­ցաւ Պէզ­ճեան սրա­հին մէջ, ուր ըն­թա­ցա­ւարտ­ներն ու ի­րենց ծնող­նե­րը հա­մախմ­բուե­ցան ընթ­րի­քի սե­ղան­նե­րու շուրջ։

ՓԱՌԱՏՕՆԻ ԽԱՆԴԱՎԱՌ ՇԱԲԱԹ

Գա­տը­գիւ­ղի Ա­րա­մեան-Ուն­ճեան վար­ժա­րա­նին մէջ տա­րե­վեր­ջի խրախ­ճան­քի ծրա­գի­րը կը գոր­ծադ­րուի մեծ խան­դա­վա­ռու­թեամբ։ Փա­ռա­տօ­նի շաբ­թուան շրջագ­ծով մաս­նա­ւոր բա­ժին մը յատ­կա­ցուե­ցաւ ա­շա­կերտ­նե­րու անգ­լե­րէն ե­լոյթ­նե­րուն։

Էջեր