Թրքահայ կեանք
Տ. ԱՐԱՄ ԱՐՔ. ԱԹԷՇԵԱՆ ԵՐԷԿ ՔԷՕԼՆ ՈՒՂԱՐԿԱԾ Է ԴԻՄՈՒՄԻՆ ՊԱՏՃԷՆԸ
Պատրիարքարանի վերաբերեալ խնդիրները կը շարունակեն առաջնահերթօրէն զբաղեցնել համայնքին օրակարգը։ Ինչպէս երէկ հաղորդած էինք, Ընտրեալ-տեղապահ Տ. Գարեգին Արք. Պեքճեան նախընթաց օր Քէօլնէն նամակ մը ուղարկած էր Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ Տ. Արամ Արք. Աթէշեանին եւ փափաք յայտնած էր՝ ունենալ իր կողմէ ժամադրութիւն ապահովելու համար Եկեղեցական համագումարէն օր մը վերջ կուսակալութեան ուղարկուած դիմումնագիրը։
ՀԵՌԱԿԱՅ ԿԱՌԱՎԱՐՈՒՄ
Քէօլնի առաջնորդարանի աղբիւրները արձագանգ կը հանդիսանան ընտրեալ-տեղապահի Պոլսոյ համար նախատեսուած կարգադրութիւններուն:
Տ. Գարեգին Արքեպիսկոպոս Պեքճեան երէկ նամակ մը ուղարկեց Տ. Արամ Արքեպիսկոպոս Աթէշեանին եւ իրեն փոխանորդ կարգեց Տ. Սահակ Եպիսկոպոս Մաշալեանը:
ՄԻՋՄԻՈՒԹԵՆԱԿԱՆ ԳԻՏԱԿԱՆ ՄՐՑԱՇԱՐՔԸ ԵԶՐԱՓԱԿՈՒԵՑԱՒ ՊԱՔԸՐԳԻՒՂԻ ՄԷՋ
Տատեան վարժարանի «Տիգրան Կիւլմէզկիլ» հանդիսասրահին մէջ աւարտական եւ մրցանակաբաշխութիւն:
Այս տարուան առաջինը դարձաւ Պէզճեան սանուց միութիւնը, որ պիտի ըլլայ յաջորդ տարուան տանտէրը:
ԴՐԱԿԱՆ ՊԱՏԳԱՄՆԵՐ
Տ. Գարեգին Արք. Պեքճեան երէկ Գերմանիա մեկնեցաւ եւ հանդէս եկաւ յայտարարութիւնով մը:
«Պատրիարքի ընտրութեան համար ձեռնարկուած աշխատանքի շրջանը իմ կողմէ պիտի տարուի եկեղեցւոյս աւանդութիւններուն համապատասխան: Կը հաւատամ ու վստահ եմ, թէ այս շրջանը պիտի կարենանք բոլորել ներդաշնակ եւ համերաշխ պայմաններու մէջ եւ բոլոր պատասխանատուները ջանք պիտի չխնայեն իրենց կարելին ընելու»:
ՅԱՒԻՏԵՆԱԿԱՆ ՀԱՆԳԻՍՏ
Ֆէրիգիւղի Ս. Վարդանանց եկեղեցւոյ մէջ փառաշուք յուղարկաւորութիւն՝ հոծ թիւով սգաւորներով:
ԺԱՄԱՆԱԿ օրաթերթի երկարամեայ սիւնակագիր Վարուժան Սայաճեան հողին յանձնուեցաւ տխուր արարողութեամբ:
ՍՈՒՐԲ ԽԱՉ ԴՊՐԵՎԱՆՔԷՆ ԽՈՒՄԲ ՄԸ ՍԱՆԵՐ ԱՅՑԵԼԵՑԻՆ ԺԱՄԱՆԱԿ-Ի ԽՄԲԱԳՐԱՏՈՒՆԸ
Երէկ, հաճոյքն ունեցանք խմբագրատանս մէջ հիւրընկալելու Սուրբ Խաչ դպրեվանքէն խումբ մը աշակերտներ, որոնց կ՚ուղեկցէին հայերէնի երկու արժէքաւոր ուսուցչուհիներ՝ Սիւզան Ավճը եւ Թաթիա Մարաշլեան։ Աշակերտները ջերմ մթնոլորտի մը մէջ զրուցեցին թերթիս հրատարակութեան տնօրէնուհի Նատիա Գօչունեանի եւ լրահաւաքի պատասխանատու Արի Թաշի հետ։
ՄԵՂՈՒԱՋԱՆ ԱՇԽԱՏԱՆՔ
Եկեղեցականաց համագումարին կողմէ կատարուած տեղապահի ընտրութենէն վերջ ստեղծուած իրավիճակը յեղաշրջած է թրքահայութեան օրակարգը:
Կուսակալութեան մօտ ժամադրութեան համար կատարուած դիմումին զուգահեռ համայնքային շրջանակներէն ներս տեղի կ՚ունենան խտացեալ որոնումներ՝ տագնապի լուծման համար:
ԱՆՄՈՌԱՆԱԼԻ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄ
Թաքսիմցիները մեծ խանդավառութեամբ ողջունեցին Մարմնամարզի նախարար Աքիֆ Չաղաթայ Քըլըճը:
Այցելութիւնը առիթ հանդիսացաւ՝ որպէսզի Թաքսիմ մարզակումբի մարզադաշտի վերաբերեալ կարգադրութիւնը հրապարակուի:
ԾԱՆՐԱԿՇԻՌ ԽԱՌՆԱՇՓՈԹ
Եկեղեցականաց համագումարը երէկ տեղապահ ընտրեց Տ. Գարեգին Արք. Պեքճեանը, սակայն Իսթանպուլի կուսակալութենէն հասած նամակը կասեցուց գործընթացը:
Պատրիարքարանը շարժման անցած է կուսակալ Վասիփ Շահինէն ժամադրութիւն մը ապահովելու համար՝ յստակացնելու նպատակով բոլոր մանրամասնութիւնները: