Տ. ԳԱՐԵԳԻՆ ԱՐՔ. ՊԵՔՃԵԱՆԻ ՄՕՏ ՀԻՒՐԵՐ
Պատրիարքական տեղապահ Տ. Գարեգին Արք. Պեքճեան նախընթաց օր հիւրընկալեց Գումգաբուի Դրսի Ս. Յարութիւն եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի ատենապետ Վարուժան Թաւրան եւ իր ընկերները։ Ներկայ էր նաեւ եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Տ. Մաղաքիա Աբեղայ Պեսքիսիզեան։