ԱՏԵՆԱՊԵՏ ՊԵՏՐՈՍ ՇԻՐԻՆՕՂԼՈՒ. «ՊԱՏԿԱՆ ՄԱՐՄԻՆՆԵՐԸ ԴՐԱԿԱՆ ՎԵՐԱԲԵՐՄՈՒՆՔ ՑՈՅՑ ԿՈՒ ՏԱՆ ՄԵՐ ՍՊԱՍՈՒՄՆԵՐՈՒՆ ՆԿԱՏՄԱՄԲ»
Երէկ յետմիջօրէին, Պետրոս Շիրինօղլու այցելեց Իսթանպուլի կուսակալութիւն։ Ան ընդունուեցաւ կուսակալ Վասիփ Շահինի կողմէ։ Շուրջ կէս ժամ տեւեց այս զրոյցը, որու ընթացքին Շահին ջերմ մթնոլորտի մը մէջ հիւրընկալեց Շիրինօղլուն։