ՇԻՇԼԻ ՄԱՐԶԱԿՈՒՄԲԻ ՁՄՐԱՆ ԴԱՍԸՆԹԱՑՔՆԵՐԸ ԵԶՐԱՓԱԿՈՒԵՑԱՆ ԽԱՆԴԱՎԱՌ ՄԹՆՈԼՈՐՏԻ ՄԸ ՄԷՋ
Շիշլի մարզակումբի վարչութեան նախաձեռնութեամբ կազմակերպուած ձմրան դասընթացքները եզրափակուեցան։ Ինչպէս ծանօթ է, ակումբը երկու կէտերու վրայ կը կազմակերպէ այդ դասընթացքները, որոնք կը շարունակուին երկար տարիներէ ի վեր ու դարձած են աւանդական։