ԷՍԱԵԱՆ ՍԱՆՈՒՑ ՄԻՈՒԹԻՒՆԸ ԿԱԶՄԱԿԵՐՊԵՑ ԱՄԱՌՆԱՄՈՒՏԻ ԽԱՆԴԱՎԱՌ ՊՏՈՅՏ ՄԸ
Էսաեան սանուց միութեան վարչութեան նախաձեռնութեամբ երէկ պտոյտ մը կազմակերպուեցաւ դէպի Փոլոնէզգիւղ։ Ամառնամուտի առթիւ կատարուած նախաձեռնութիւն մըն էր այս մէկը, որ պսակուեցաւ փայլուն յաջողութեամբ։