ՍՈՒՐ ԴԻՐՔԱՒՈՐՈՒՄՆԵՐ
Էսաեան վարժարանի տնօրէնուհիներու պաշտօնազրկման որոշումով սկսած բողոքի ալիքը կը շարունակէ բնորոշել համայնքային շրջանակներու օրակարգը:
Աշակերտներ, ուսուցիչներ եւ ծնողներ զօրակցութեան այցելութիւններ տուին Սաթենիկ Նշանին եւ Առլին Եշիլթեփէին: Պէյօղլուի Ս. Եկեղեցեաց թաղային խորհուրդը հանդէս եկաւ յայտարարութիւնով մը:
Էսաեան վարժարանի բազմամեայ տնօրէնուհի Սաթենիկ Նշանի պաշտօնազրկման որոշումին դէմ համայնքային շրջանակներէ ներս ստեղծուած անհանգստութիւնը կը շարունակուի։ Այս մթնոլորտին մէջ դպրոցի խումբ մը սաներ այսօր, կէսօրուան ժամերու մօտ զօրակցութեան այցելութեան մը փութացին իրենց տնօրէնուհիին։
Էսաեան վարժարանի տնօրէնուհիներու պաշտօնազրկման աղմկարար որոշման արձագանգները կը շարունակուին համայնքային շրջանակներէն ներս:
Էսաեան վարժարանի տարեգրութեանց մէջ շրջան մը կը փակուի. հերթի պատմական փոփոխութիւն:
Տիար Ատենապետ,
Պէյօղլուի Ս. Եկեղեցեաց թաղային խորհուրդը առաւ զգայացունց որոշում մը, որ կայծակնային արագութեամբ տարածուեցաւ համայնքէն ներս։ Այսպէս, Էսաեան վարժարանի տնօրէնուհի Սաթենիկ Նշան եւ միջնակարգի բաժնի տնօրէնուհի Առլին Եշիլթեփէ յառաջիկայ օգոստոսին հրաժեշտ պիտի տան իրենց պաշտօններուն։
Տիարպաքըրի ՀՏՓ-ական երեսփոխան Կարօ Փայլան Ազգային մեծ ժողովէն ներս օրակարգի վրայ բերաւ «Gerçek Hayat» պարբերաթերթի վերջին հրատարակութիւններով յառաջացած անհանգստութիւններու խնդիրը։
Մարտինի ՀՏՓ-ական երեսփոխան Թումա Չելիք զօրակցութեան նամակներ ուղարկեց Թուրքիոյ ոչ-իսլամ փոքրամասնական համայնքներու հոգեւոր կեդրոններուն։ Ան այս քայլը առած է «Gerçek Hayat» պարբերաթերթին կողմէ վերջերս կատարուած հրատարակութիւններուն բերումով։
Յայտնի մեներգչուհի Մարալ Այվազ վերջերս մասնակցութիւն բերաւ կարեւոր ծրագրի մը։ Վերջին շրջանին երաժշտական աշխարհէ ներս Մարալ Այվազի աստղը կը փայլի միշտ իր խորհրդաւոր ու տպաւորիչ ձայնով։
Պատրիարքական Աթոռը շաբաթավերջին հակազդեց «Gerçek Hayat»ի հրատարակութիւններուն դէմ: