«ԲԱՐԵԿԱՄ»ՆԵՐՈՒ ԳՈՒՄԳԱԲՈՒ ԱՅՑԸ
Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան երէկ ընդունեց՝ համայնքէն ներս ընկերային զօրակցութեան ամրապնդման հետամուտ «Բարեկամ» խումբի անդամները, որոնք իրենց գործունէութեան եւ ծրագրերուն շուրջ բացատրութիւններ ներկայացուցին։
Պետական իշխանութիւնները նոր կանոնադրութեան մշակման գործընթացը յառաջ կը տանին՝ կատարելագործեալ համակարգի մը հաստատման սպասումներու մթնոլորտով:
Գալֆաեան Տան Զ. դասարանի սաներէն Ալին Սու Եամաչ եւ Եուլիանա Էրտէմ վերջերս մանսակցեցան մրցոյթի մը, որ կազմակերպուած էր Թուրքիոյ Միջվարժարանային մտային խաղերու հիմնարկին կողմէ։ Իրենց ապահոված աստիճանով անոնք իրաւունք շահեցան մասնակցելու այդ մրցոյթի յաջողդ փուլին, որ նախատեսուած է այս ամսավերջին։
Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան շնորհաւորական մը ուղարկեց Հայաստանի Հանրապետութեան նորընտիր նախագահ Վահագն Խաչատուրեանի, որ արդէն երդուելով ձեռնարկած է իր պաշտօնին։
Մխիթարեան վարժարանին մէջ նախընթաց օր ջերմ մթնոլորտի մը մէջ հիւրընկալուեցաւ Սէրտար Արաս Շահին, որ հաստատութեան նախկին սաներէն է ու վերջերս հրատարակած է գիրք մը։ «Սահմանափակուած կեանքեր» կը կոչուի իր հեղինակած նորատիպ գիրքը, որու բովանդակութիւնը պայմանաւորեց դպրոցին մէջ աշակերտներու հետ կազմակերպուած ջերմ զրոյցին մթնոլորտը։
Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսը Անթիլիասի մէջ հիւրընկալեց յայտնի մեներգչուհի Սիպիլը, որ վերջին օրերու Պէյրութի համերգով լիբանանահայութեան մեծ համակրանքին առարկայ դարձաւ։ Ջերմ զրոյցի ընթացքին Կիլիկեան Աթոռի գահակալը արտայայտեց հայրական գնահատանքը Սիպիլի արուեստին նկատմամբ։
Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան երէկ հիւրընկալեց Սուրբգրոց ընկերութեան Թուրքիոյ մասնաճիւղի տնօրէնուհի Թամար Գարասուն։ Հանդիպման ներկայ էր նաեւ Տ. Զաքէոս Ծայրագոյն Վարդապետ Օհանեան։
Յայտնի մեներգչուհի Սիպիլի Պէյրութի համերգը դարձած է իսկական գեղարուեստական դէպք մը։ Ան խոր տպաւորութիւն գործած է լիբանանահայ երաժշտասէրներուն վրայ, որոնք ջերմօրէն ողջունած են զինքը։
Երէկ, Պէյօղլուի Ս. Երրորդութիւն եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցաւ նորոգ հանգուցեալ բազմավաստակ կրթական մշակ Մարի Տէյիրմենճեանի յուղարկաւորութեան արարողութիւնը։ Ինչպէս ծանօթ է, Մարի Տէյիրմենճեանի կորուստը վերջին օրերուն մեծ ցաւ ստեղծած էր համայնքային շրջանակներէն՝ մասնաւորապէս պոլսահայ կրթական համակարգէն ներս։