ԵՐԱԽՏԱԳԻՏՈՒԹԻՒՆ՝ ՀԵՂԻՆԱԿԻՆ
Թրքահայ ուսուցչաց հիմնարկի գործունէութիւնը յառաջ տանելու ժամանակ, վարչութիւնս միշտ ուշադրութեան կեդրոնին կը պահէ եկեղեցի-դպրոց-մամուլ եռամիասնութեան առանցքը։ Ընդհանուր առմամբ, անտարակոյս, հիմնարկիս գործունէութիւնը թէեւ կրթութեան բնագաւառին մէջ է։
Տ. Արամ Արք. Աթէշեան Աւագ շաբթուայ խորհրդաւոր օրերուն փութաց իր հոգեւոր եղբայրներէն մէկուն բարոյական զօրակցութեան։ Այսպէս, Սեն թ՚Անթուան եկեղեցւոյ քարոզիչ հայր Քոնստանդինօ Չետոլինի, որ աւելի քան 35 տարիէ ի վեր նուիրեալ ծառայութիւն կ՚իրականացնէ, դժբախտաբար, կը տառապի քաղցկեղէ եւ դարմանման տակ կը գտնուի Ճերրահփաշայի հիւանդանոցին մէջ։
Աւագ շաբթուան ամենախորհրդաւոր արարողութիւններէն Տասը կուսանաց յիշատակութիւնը երէկ տեղի ունեցաւ մեր եկեղեցիներուն մէջ։ Երեկոյեան ժամերգութեան ընթացքին յիշատակուեցաւ տասն կոյսերու առակը։
Ֆէրիգիւղի Ս. Վարդանանց եկեղեցւոյ մէջ երէկ երեկոյեան Տասը կուսանաց յիշատակութեան արարողութիւնը տեղի ունեցաւ խանդավառ մթնոլորտի մը մէջ։ Արարողութեան հանդիսապետեց Տ. Զատիկ Աբեղայ Պապիկեան։
Գատըգիւղի Արամեան-Ունճեան վարժարանին մէջ վերջին օրերուն Ս. Զատկուան առթիւ ստեղծուեցաւ տօնական մթնոլորտ։ Աշակերտները լի ու լի ըմբոշխնեցին այս մեծ տաղաւարի ուրախութիւնը։
ՊԻԱՆՔԱ ՍԱՐԸԱՍԼԱՆ
Գատըգիւղի Արամեան սանուց միութեան մէջ նախընթաց օր տեղի ունեցաւ «Մեր տանիք» խմբաւորման հաւաքոյթը։ Ծաղկազարդի տօնի երեկոյեան զուգադիպեցաւ այս ձեռնարկը, որ կազմակերպուած էր հիւրընկալ սանուց միութեան վարչութեան ատենապետ Սեւան Աթաօղլուի հրաւէրով։
Պէզճեան Մայր վարժարանին մէջ վերջերս տեղի ունեցաւ առաջին դասարանի փոքրիկներու ընթերցման տօնը։ Դպրոցի սրահին մէջ այս առթիւ ստեղծուեցաւ ուրախ մթնոլորտ։
Էսաեան սանուց միութեան «Մարալ» համոյթը երէկ երեկոյեան փայլուն երեկոյթով մը հանդէս եկաւ Ֆուլիայի մշակոյթի կեդրոնէն ներս։ Էսաեան սանուց միութեան հիմնադրութեան 75-ամեակին ձօնուած յոբելենական ձեռնարկ մըն էր այս մէկը, որ արժանացաւ գեղարուեստասէրներու անմիջական հետաքրքրութեան։
Գատըգիւղի Ս. Թագաւոր եկեղեցւոյ մէջ երէկ խանդավառ մթնոլորտի մը մէջ նշուեցաւ Ծաղկազարդը։ Ս. Պատարագը մատոյց Տ. Յարութիւն Աբեղայ Տամատեան։