Թրքահայ կեանք

ԱՄՓՈՓ ԼՈՒՍԱԲԱՆՈՒԹԻՒՆ

Սուրբ Խաչ դպրեվանքի խնամակալութեան աղբիւրները հակիրճ յայտարարութիւնով մը հանդէս եկան՝ շաբաթավերջի Սոյլու-Ալճան-Իպրահիմզատեհ հանդիպման լոյսին տակ:
Ներքին գործոց նախարարը յայտնած է, որ անհրաժեշտ աշխատանքը պիտի աւարտի, որպէսզի մօտաւոր ապագային տեղի ունենան փոքրամասնութիւններու համայնքային վաքըֆներու առկախեալ ընտրութիւնները:

ԹԱՐԳՄԱՆՉԱՑ ՏՕՆԻ ԱՌԹԻՒ ՓԱՌԱՏՕՆ ՍԱՄԱԹԻՈՅ ՍԱՀԱԿԵԱՆ-ՆՈՒՆԵԱՆ ՎԱՐԺԱՐԱՆԻՆ ՄԷՋ

Ս. Թարգմանչաց տօնին առթիւ փառատօն մը տեղի ունեցաւ Սամաթիոյ Սահակեան-Նունեան վարժարանին մէջ։ Բացօթեայ նախատեսուած էր ձեռնարկը, որ տեւեց ամբողջ օր մը։

ՊԱՏՐԻԱՐՔԱՐԱՆԻ ԸՆԿԵՐԱՅԻՆ ՕԺԱՆԴԱԿՈՒԹԵԱՆ ՅԱՆՁՆԱԽՈՒՄԲԻ ՆԵՐԿԱՅԱՑՈՒՑԻՉՆԵՐԸ ԱՅՑԵԼԵՑԻՆ ԻՍԹԱՆՊՈՒԼԻ ԳԼԽԱՒՈՐ ՔԱՂԱՔԱՊԵՏԱՐԱՆ

Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեանի օրհնութեամբ, երէկ, Պատրիարքարանի Ընկերային օժանդակութեան յանձնախումբի ներկայացուցիչներէն Խաչիկ Ճանէլ եւ Մանուկ Գալայճը այցելութիւն մը տուին Իսթանպուլի գլխաւոր քաղաքապետութեան ընկերային ծառայութիւններու բաժանմունքի ղեկավար Եավուզ Սալթըքին։ Հանդիպման ներկայ էին նաեւ մեր համայնքէն Թալին Էրկիւնէշ-Կազէր եւ Արէտ Չաքըճը։

ԿԵԴՐՈՆԱԿԱՆ ՎԱՐԺԱՐԱՆԻ ԼՈՒՍԱՆԿԱՐՉՈՒԹԵԱՆ ԱԿՈՒՄԲԻ ՍԱՆԵՐԸ ՑՈՒՑԱՀԱՆԴԷՍ ՄԸ ՇՐՋԵՑԱՆ

Վերջին օրերուն Իսթանպուլի մէջ կազմակերպուած «212 Photography Istanbul» մեծ ցուցահանդէսը արժանացաւ անմիջական հետաքրքրութեան։ «Պոմոնթիատա» համալիրէն ներս կազմակերպուած էր այս ցուցահանդէսը, որու ընթացքին ներկայացուեցան ծանօթ ու հեղինակաւոր լուսանկարիչներու գործերը։

ԶԻՖԼԻՕՂԼՈՒԻ ԳԻՐՔԸ՝ ՄԱԺԱԿ ԹՈՇԻԿԵԱՆԻ ՄԱՍԻՆ

Գոհունակութեամբ կը տեղեկանանք, որ լրագրող ու բանաստեղծուհի Վերճիհան Զիֆլիօղլու հրատարակած է նոր գիրք մը, որ լոյս տեսած է «Kuzey Işığı» հրատարակչատունէն։ Այս հրատարակչութեան կենսագրական բնոյթով գործերու շարքին մաս կազմած է Վերճիհան Զիֆլիօղլուի գիրքը, որ կը կոչուի «Beni Benimle Bırak & Majak Toşikyan'dan Cenk Taşkan'a»։

ԱՄԵՆ. Ս. ՊԱՏՐԻԱՐՔ ՀԱՅՐԸ ԵՐԷԿ ՀԻՒՐԸՆԿԱԼԵՑ ՅԱՅՏՆԻ ԻՐԱՒԱԲԱՆ ԱԼԻ ԷԼՊԷՅՕՂԼՈՒՆ

Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան երէկ հիւրընկալեց յայտնի իրաւաբան Ալի Էլպէյօղլուն, որ համայնքապատկան կալուածներուն վերաբերեալ խնդիրներուն քաջատեղեակ է ու կը պաշտպանէ մեր զանազան կառոյցներու դատերը։ Հեղինակաւոր փաստաբանը Գումգաբու փութացած էր մեր համայնքէն իր երկու երիտասարդ գործակիցներուն՝ Տալիտա Եոնթանի եւ Առէն Տատըրօղլուի հետ։

ՇԻՇԼԻ ՄԱՐԶԱԿՈՒՄԲԻ ՆՈՐԸՆՏԻՐ ՎԱՐՉՈՒԹԻՒՆԸ ՍՏԱՑԱՒ ԱՄԵՆ. Ս. ՊԱՏՐԻԱՐՔ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԻՒՆԸ

Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան երէկ Գումգաբուի մէջ հիւրընկալեց Շիշլի մարզակումբի վարչութեան ատենապետ Ալէն Թեքպըչաքն ու գործակից ընկերները։ Ինչպէս ծանօթ է, մօտաւոր անցեալին տեղի ունեցած էր ակումբի ընդհանուր ժողովը, որու ընթացքին պաշտօնի կոչուած էր նոր վարչութիւն մը։

Էջեր