Թրքահայ կեանք

ՕՐԹԱԳԻՒՂԻ ՎԱՐԺԱՐԱՆԷՆ ՍԱՆԵՐ ՊԱՏՐԻԱՐՔԱՐԱՆԻ ՄԷՋ

Երէկ, Օրթագիւղի Թարգմանչաց վարժարանի «Շուի» մանկանց երգչախումբի սաները՝ գլխաւորութեամբ իրենց ուսուցչին Արթիւր Պաղտասարեանի եւ միջնակարգի բաժնի համակարգող Լիզա Չոլաքօղլուի, այցելեցին Պատրիարքարան, ուր ընդունուեցան Պատրիարքական փոխանորդ Տ. Գրիգոր Աւ. Քհնյ. Տամատեանի կողմէ։

ԹՈՓԳԱԲՈՒԻ ՎԱՐԺԱՐԱՆԻՆ ՄԷՋ ՀԱՆԴԷՍ

Թոփգաբուի Լեւոն-Վարդուհեան վարժարանին մէջ Ս. Թարգմանչաց տօնին եւ Հայ մշակոյթի շաբթուան առթիւ տեղի ունեցաւ խանդավառ հանդէս մը։ Դպրոցի բոլոր դասարաններէն աշակերտներ մասնակցութիւն բերին օրուան յայտագրին՝ իրենց ելոյթներով բոլորին կողմէ խլեցին ծափահարութիւններ։

ՖԷՐԻԳԻՒՂՑԻՆԵՐՈՒ ԱՅՑԵԼՈՒԹԻՒՆԸ

Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան, երէկ ընդունեց Ֆէրիգիւղի Ս. Վարդանանց եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի անդամները՝ գլխաւորութեամբ ատենապետ Մանուկ Էօղէրի։ Ներկայ էր նաեւ Տ. Շիրվան Քհնյ. Միւրզեան։

ՄԵՐ ԸՆԹԵՐՑՈՂՆԵՐՈՒՆ

Այսու կու գանք մեր ընթերցողներուն տեղեկացնել, թէ ԺԱՄԱՆԱԿ-ի վարչութիւնն ու խմբագրութիւնը համախոհաբար որոշած են թերթիս համար ակամայ սահմանել նոր սակագին մը։ ԺԱՄԱՆԱԿ օրաթերթը այսօրուընէ սկսեալ կը վաճառուի 5 (հինգ) թրքական լիրա փոխարժէքով։

Տ. ՅԱՐՈՒԹԻՒՆ ՎՐԴ. ՏԱՄԱՏԵԱՆ ԽՄԲԱԳՐԱՏՈՒՆՍ ԱՅՑԵԼԵՑ

Երէկ, հաճոյքն ունեցանք խմբագրատանս մէջ հիւրընկալելու Պէյօղլուի սուրբ եկեղեցեաց քարոզիչ Տ. Յարութիւն Վրդ. Տամատեանը, որուն կ՚ընկերանային Էսաեան սանուց միութեան վարչութենէն Մարիամ Տրամէրեան եւ Վարդուհի Մսըրլեան։

Էջեր