ԶՈՀՈՂՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒ ՀՐԱՄԱՅԱԿԱՆԸ
Ամեն. Ս. Պատրիարք Հօր նախագահութեամբ, համայնքային մարմիններու ատենապետները երէկ յետմիջօրէին ժողով մը գումարեցին Գումգաբուի մէջ:
Թրքահայ ազգային-եկեղեցական կեանքը կեդրոնացած է աղէտի գօտի առաւելագոյն զօրակցութիւնը փութացնելու վրայ: Պետրոս Շիրինօղլու տեղեկացուց, որ ERVAB-ի կողմէ արդէն 2 միլիոն 500 հազար լիրա նուիրատուութիւն կատարուած է: Միւս հաստատութիւններն ալ խոստացան կրկնապատկել այս գումարը՝ մինչ հոգեւոր հայրերն ալ կը յատկացնեն իրենց ամսականները: