ԻՆՉՈ՞Ւ ԶԲՕՍԱՇՐՋԻԿՆԵՐԸ ԿԸ ՍԻՐԵՆ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՄԱՅՐԱՔԱՂԱՔԸ. ԱՐԵՒԱՅԻՆ ԵՐԵՒԱՆԸ ԿԸ ԺՊՏԱՅ

Բոլորը չէ, որ կը սիրեն ամառը ճանապարհորդել․ տօթը, հեւքը, ամառնային աղմուկը, խճողուած օդակայանները, ճանապարհներու փոշին՝ շատերը ետ կը պահեն ճամբորդութեան գաղափարէն, սակայն նոյնինքն ամառն է, որ հռչակուած է իբրեւ ճանապարհորդութեան եղանակ։ Ամառը օդը կարծես կը ծանրանայ եւ մարդկային հոգին կը փափաքի հեռանալ շիկացած միջավայրէն ու գտնել նոր տարածութիւններ՝ ո՛չ միայն աշխարհագրական, աչք շոյող, այլեւ՝ ներաշխարհը հանգստացնող։ Եւ հակառակ որ իր մեկնած վայրն ալ կրնայ նոյն եղանակն ու օդը ըլլալ, բայց առօրեայ հոգերը, տաղտուկը, ամէն օր հանդիպող նոյն դէմքերը արդէն իսկ չկան եւ ատիկա արդէն իսկ բաւարար է հանգստանալու համար։ 

Երեւանը այս եղանակին լեցուն է զբօսաշրջիկներով։ Հայաստանի սիրտն ու մայրաքաղաքը՝ ժամանակակից ու պատմական շունչով, ամէն տարի կը գրաւէ հազարաւոր այցելուներ։ Թէեւ չափերով փոքր է, սակայն հոգիով մեծ քաղաք մըն է, ուր անցեալը կը միախառնուի ներկային՝ ստեղծելով անկրկնելի մթնոլորտ մը։ 

Ինչո՞ւ մեր փոքրիկ, պատմական քաղաքը այդքան կը սիրեն զբօսաշրջիկները։ Գուցէ որովհետեւ Երեւանը քաղաք մըն է, որ կը ժպտայ։ Զայն առանձնայատուկ ներքին պարպում մը ունի ամառնային ճամբորդին համար։ 

Առաջինը, որու մասին գրեթէ բոլոր զբօսաշրջիկները կը խօսին, հայ ժողովուրդի ջերմ դիմաւորումն է։ Երեւանցիները բաց սիրտով կ՚ողջունեն օտարները, պատրաստ են օգնութեան, ուղղութիւն ցոյց տալու, երբեմն իսկ զբօսնելու անոնց հետ։ Այս մարդկային վերաբերմունքը Երեւանը կը դարձնէ աւելին, քան ուղղակի տեսարժան վայրերն են ու պատմական հնութիւնները։ Այս հարազատ միջավայրին մէջ յայտնուած զբօսաշրջիկը ինքն ալ ջերմութեան զգացումով կը պարուրուի։ Անոնց համար, որ կը փնտռեն իսկական, անկեղծ, չկեղ-ծըւած քաղաքային ապրում, Երեւանը մեծ գիւտ մըն է։

ՀԻՆ ՈՒ ՆՈՐԻ ՆԵՐԴԱՇՆԱԿՈՒԹԻՒՆ

Երեւանը ունի աւելի քան 2800 տարուան պատմութիւն, սակայն զարմանալի կերպով ժամանակակից է եւ կը միացնէ պատմութիւնը ժամանակին հետ։ Հանրապետութեան հրապարակը, Մատենադարանը, «Էրեբունի» թանգարանը, պատմութեան միւս թանգարանները, զբօսանքի վայրերը այցելուներու ուշադրութեան կեդրոնին են միշտ։ Սրճարանները, ճաշարանները, արուեստի անկիւնները, համերգասրահները Երեւանը կը պահեն կենդանի ու ժամանակակից։ Հնութեան եւ արդիութեան այդ ներդաշնակութիւնը աւագ սերունդը երբեմն քննադատութեան տակ կը դնէ՝ ըսելով, թէ կորսնցուած ենք հին քաղաքը։ Բայց ժամանակակից մարդը այդքան ալ կորսուածութեան զգացում չ՚ունենար եւ Երեւանը հարազատ կերպով կը համադրէ՝ հոն գտնելով ամէն ինչ։ 

ՀԱՄ ՈՒ ՀՈՏ

Երեւանը ոչ միայն տեսնելու, այլ նաեւ «համտեսելու» քաղաք մըն է։ Հայկական խոհանոցը կը գրաւէ բոլոր ճաշակները, բայց Երեւանի մէջ վաղուց նաեւ զանազան խոհանոցներ կան եւ բազմաթիւ ճաշարաններ եւ սրճարաններ կ՚առաջարկեն թէ՛ աւանդական, թէ՛ նորաոճ ուտեստներ, ինչ որ Երեւանը կը դարձնէ նաեւ խորտկագիտական փորձառութիւն։

ԱՐԵՒՈՏ ՔԱՂԱՔ

Կ՚ըսեն՝ Երեւանը ունի տարեկան միջինը շուրջ 300 արեւոտ օր, ուրկէ ալ ծագած է «արեւային Երեւան» արտայայտութիւնը։ Անոր բարենպաստ կլիման, բաց երկինքին տակ երեւցող մօտակայ լեռներու տեսարանները, շատրուանները, փողոցներու մէջ ամէն անկիւնի վրայ ցայտող ջուրերը, զբօսաշրջիկներուն յաճախ կը ներարկեն այն զգացումը, թէ իրենք արեւային, բայց զով վայր մը եկած են։ 

ՄՇԱԿՈՅԹԻ ԵՒ ԱՐՈՒԵՍՏԻ ՇՈՒՆՉ

Նախ եւ ռաջ Երեւան հռչակուած է իր թանգարաններով, պատկերասրահներով, թատրոններով, համերգասրահներով, որոնք իրարու շատ մօտ են։ Զբօսաշրջիկը մէկ օրուայ մէջ կրնայ այցելել «Կոմիտաս» թանգարանը, հայ մեծերու դամբարանը, պարահանդէսի մը ներկայ ըլլալ Օփերայի եւ պալէի ազգային թատրոնին մէջ կամ «Արամ Խաչատուրեան» համերգասրահին մէջ համերգ մը ունկնդրել եւ իր օրը աւարտել բացօթեայ փառատօնի մը մասնակից ըլլալով, տակաւին ուշ երեկոյեան ալ փողոցային երաժիշտի մը առջեւ քիչ մը կենալ ու լսել անոր մեղեդիները։ Այս բազմազանութիւնը քաղաքը մշտապէս հետաքրքրական կը դարձնէ։ Հոս հիւրախաղերով հանդէս կու գան Ռուսաստանէն, Եւրոպայէն եւ այլ տեղերէ նշանաւոր արուեստագէտներ, իսկ տեղացի երիտասարդ ստեղծագործողները՝ փորձարարութեան յանդգնութեամբ միշտ նորանոր որումներու մէջ են եւ կրկին բեմեր, ցուցասրահներ կը գրաւեն։ Մշակութային այս յագեցուածութիւնը քաղաքին իւրատեսակ ոգեւորութեան շունչ մը կու տայ։

ԱՆՑԵԱԼԻ ՅԻՇԱՏԱԿՆԵՐ, ՎԱՂՈՒԱՆ ՏԵՍԼԱԿԱՆ

Երեւանը քաղաք մըն է, որ չի վախնար յիշել իր անցեալը։ Թէեւ խորհրդային շրջանի հետքերը դեռ տեսանելի են բազմաթիւ շէնքերու վրայ, քաղաքը արդի կերպով կը զարգանայ՝ քայլ պահելով ժամանակին հետ․ թերեւս ատիկա է աշխարհին առջեւ բացուելու թելադրանքը։ Նոր պողոտաները, պանդոկները, նորակառոյց շէնքերը, կանաչ զբօսայգիները աւելի կ՚ամրապնդեն Երեւանի՝ «հինի եւ նորի խաչմերուկ» ըլլալու պատկերը։ Այս յատկութիւնը զբօսաշրջիկին համար կը ստեղծէ բովանդակալից հմտութիւն, երբ կարելի է տեսնել ժողովուրդի մը նոր օրերը՝ իր անցեալի վրայ յենած։

ԵՐԵՒԱՆԸ՝ ՔԱՅԼԵԼՈՒ ՔԱՂԱՔ

Քայլել Երեւանի մէջ՝ իրարու միացած պողոտաներով, պատմական թաղերով եւ բաց հրապարակներով, իսկական հաճոյք մըն է։ Թէեւ գետնի քարտէսին վրայ քաղաքը կրնայ յաճախ խճճուած թուիլ, սակայն, զբօսաշրջիկներուն համար ան կը բացուի որպէս յարմար քայլարշաւային վայր։ Շատեր կը պատմեն, թէ ինչպէս քաղաքի նեղ ու հին փողոցները՝ մեծ ծառերով ու փոքրիկ պանդոկներով, սեւ քարէ շէնքերով եւ հնաոճ դռներով իրենց կը յիշեցնեն անցեալ դարերու պատկերներ։ Այդ հին թաղերուն մէջ սկսած են փոքրիկ սրճարաններ գործել, որոնք մանաւանդ կանուխ ժամերուն, երբ քաղաքը նոր կ՚արթննայ, շատ մտերմիկ տեղեր կ՚ըլլան։

ԵՐԻՏԱՍԱՐԴԱԿԱՆ ՈԳԻՆ

Երեւանը երիտասարդութեան համար յարմար քաղաք մըն է։ Թէ՛ տեղացի երիտասարդներու աշխոյժ մասնակցութիւնը քաղաքային կեանքին եւ թէ ստեղծագործ միջավայրը՝ լի ցուցահանդէսներով, օտար կամ տեղացի երաժիշտներով, Հիւսիսային պողոտային վրայ կեցած գծանկարիչներով, Երեւանը ստեղծարար ու ապրող վայր կը դարձնեն։ Զբօսաշրջիկները այս ոգին կը գտնեն թէ՛ ակումբներու մէջ, թէ՛ դուրսը, թէ՛ փոքր գեղարուեստական սրճարաններու մէջ, ուր տեղի կ՚ունենան բաց ընթերցումներ, կը լսուի երաժշտութիւն, կամ քննարկումներ կը կատարուին ժամանակակից հարցերու շուրջ։ Յուշանուէրներու անկիւններն ալ կը լրացնեն տրամադրութիւնը։ 

Երեւանը իր մշակութային դէմքը կը ներկայացնէ յաճախ առանց ճիգի։ Կասկատի մէջ բացօթեայ քանդակները, փողոցային երաժիշտները կամ պատերու վրայի գունաւոր որմնանկարները անպաշտօն կերպով կը դարձնեն ամբողջ քաղաքը արուեստի բեմ։ Եւ ասիկա նոյնպէս հանգիստ թելադրող այն շունչն է, զոր զբօսաշրջիկը կը զգայ Երեւանի մէջ։

ԱՌՈՂՋԱՊԱՀԱԿԱՆ ՄՇԱԿՈՅԹ

Երեւանի մէջ մինչեւ վերջին շրջանը հասարակական վայրերու զգալի մէկ մասին մէջ կարելի էր ծխել՝ այդ կարգին նաեւ՝ սրճարաններու եւ ճաշարաններու մէջ։ Այս երեւոյթը, որ տարիներ շարունակ եղած է համեմատաբար բնական ու անսահմանափակ, այսօր՝ կաշկանդումներու տակ է։ Վերջին տարիներուն որդեգրուած են քայլեր՝ պայքարելու այս վնասակար սովորութեան դէմ եւ սրճարաններու, ճաշարաններու, շատ մը հասարակական վայրերու մէջ արգիլած են ծխելը։ Ի հարկէ, օրէնքը յաճախ ենթակայ է խախտումի եւ մոլի ծխողները անպայման գաղտնի անկիւն մը կը գտնեն՝ ծխելու համար, սակայն քայլերը կը կատարուին հասարակական բոլոր վայրերու մէջ ծխելը արգիլելու ուղղութեամբ։ 

Այս միջոցառումները ի սկզբանէ ուղեկցուած են տարբեր արձագանգներով, սակայն, շատեր կը տեսնեն այս փոփոխութիւնները իբրեւ անհրաժեշտ քայլ՝ առողջ կենսակերպի խթանման ճանապարհին վրայ։

Այժմ, օրակարգի վրայ են աւելի խիստ սահմանափակումներու կիրառումը՝ մասնաւորապէս բոլոր հասարակական բաց եւ գոց միջավայրերու մէջ ծխելը կտրականապէս արգիլել եւ ատոր համար միայն աննշան եւ հեռու վայրեր յատկացնել։ Նպատակը պարզ է՝ ո՛չ միայն կանխել միջավայրի աղտոտումը, այլեւ պահպանել մանուկներու, երիտասարդներու եւ չծխող քաղաքացիներու առողջութիւնն ու հանգիստը։ Ասիկա երեւոյթ մըն է, որ մանաւանդ առողջ ապրելակերպի հետեւող զբօսաշրջիկները կը գրաւէ։ Միւս կողմէ, չեն դադրիր քննարկումները, թէ արդեօք կեանքի որակը կարելի՞ է բարելաւել, երբ կը խախտուի ուրիշներու անհատական ազատութիւնները։ Ժամանակը ցոյց կու տայ՝ ինչպիսի՛ ուղղութեամբ պիտի զարգանայ այս քաղաքին առողջապահական մշակոյթը։

ՔԱՐԵՐԷՆ ՀՈՍՈՂ ԿԵԱՆՔԸ

Երեւանը բազմաթիւ քաղաքներէ կը տարբերի իր շողացող արեւով, փոքրիկ, մտերմիկ փողոցներով, պատմութեան շերտերով կամ մշակութային հեւքով, բայց նաեւ՝ պարզ, առօրեայ, չնկատուող երեւոյթով մը՝ ցայտաղբիւրներով, որոնց տեղացիները «պուլպուլակ» կ՚ըսեն։ Այս փոքր ցայտաղբիւրները, որոնք տեղադրուած են քաղաքի գրեթէ ամէն խաչմերուկին, զբօսայգիին, փողոցին կամ բակին մէջ, ժամանակի ընթացքին դարձած են Երեւանի ինքնութեան անբաժանելի մէկ մասը։

«Պուլպուլակ» բառն ալ երգի մը պէս կը հնչէ՝ մանկութեան պատկերներու, ամառնային խաղերու եւ հին քաղաքի նրբանցքներու հետ ներդաշնակուած։ Քարէ շինուած այս պարզակերտ աղբիւրները, ուրկէ սառը խմելու ջուր կը հոսի անընդհատ, տարիներէ ի վեր առատաձեռն ու անփող ծառայութիւն կը մատուցեն անցորդին, ճամբորդին ու քաղաքաբնակին, կը զուարճացնեն մանուկները, որոնք խմած ատենը ամբողջ երեսը կը ջրոտեն։ 

Երեւանի պուլպուլակները աւելին են, քան պարզապէս թեքնիք յարմարութիւն։ Անոնք համայնքի մշակոյթի արտայայտութիւնն են, բարութեան խորհրդանիշ մը, ուր ջուրը կը բաշխուի առանց ակնկալիքի։ Այս ցայտաղբիւրներուն առջեւ մարդուն մէջ արթնցող զգացումը սոսկ մարմնական չէ՝ ան նաեւ խոնարհում մըն է՝ դէպի բնութիւն, դէպի մաքրութիւն, դէպի քաղաքային ժառանգութիւն։ Քարերու մէջէն անվերջ հոսող ջուրը նաեւ իմաստ մը ունի՝ զայն կը վկայէ այս քաղաքին անհատոյց ու բաց սիրտին մասին։ 

Քաղաքին կշռոյթին մէջ պուլպուլակը հանգստացուցիչ կանգառ մըն է։ 

Պուլպուլակները սկսած են մեծ թիւով տարածուիլ անցեալ դարէն ի վեր, երբ ջրամատակարարման համակարգը սկսած էր զարգանալ։ Բայց քաղաքը շատոնց ունեցած է բնական աղբիւրներու օգտակար մշակոյթը։ Այսօր եւս՝ վերանորոգուած կամ աւանդական ձեւով պահպանուած՝ անոնք կը շարունակեն ծառայել հասարակութեան, շատ անգամ ալ՝ յատուկ ոճով ձեւաւորուած՝ վարդագոյն տուֆաքարէ, պազալտէ կամ արդի նիւթերով։ 

Վերջին շրջանին քաղաքի տասնեակ բակերու մէջ յայտնուած են նոր ցայտաղբիւրներ, որոնք կառուցուած են զոհուած տղաներու յիշատակին։ Անոնց վրայ զոհուածներու անուններն են գրուած եւ անցորդը ջուր խմելով, պահ մը կանգ կ՚առնէ, կը կարդայ անուն-մականունը, տարեթիւերը եւ իր յիշատակի տուրքը կը մատուցէ զոհուածին։

ՍՓԻՒՌՔԱՀԱՅԵՐԸ

Երեւանը սփիւռքահայու համար զբօսաշրջութեան նպատակ չէ միայն։ Ան աւելի խոր իմաստ ունի՝ քաղաք մը, որուն մէջ սփիւռքահայը կը փնտռէ իր ինքնութիւնը, արմատները եւ երբեմն՝ իր տակաւին չապրած պատմութիւնը։ Երեւանը կը դառնայ տուն շատ մը սփիւռքահայերու համար։ 

Շատ սփիւռքահայեր ծնած են երկիրներու մէջ, ուր հայկական մշակոյթը թէեւ եղած է ու կայ, բայց հեռու է հայաստանեան իրականութենէն։ Երեւանը կը ներկայանայ որպէս դուռ մը՝ դէպի իրական հայրենիք, որուն մասին միայն լսած են մեծերէն, կարդացած գիրքերէն։ Քայլելով Երեւանի փողոցներուն մէջ, անոնք յաճախ կը զգան այն զուգահեռ իրականութիւնը, որ կը լրացնէ իրենց ներքին դիմանկարը որպէս հայ։

Եւ վերջապէս սփիւռքահայուն համար Երեւանը վայր մըն է, ուր հայերէնը կը լսուի ամէն քայլափոխի, ուր փողոցներուն անունները հայ գրողներու եւ արուեստագէտներու անուններ են եւ գրութիւնները հայերէն կը շողան ամէն քայլի։ Ասիկա կը խրախուսէ լեզուի եւ մշակոյթի հետ նոր կապի ստեղծում։ Շատերը Երեւանի մէջ առաջին անգամ կը փորձեն ազատ խօսիլ մայրենի լեզուով, առանց կասկածելու՝ թէ արդեօք իրենց հայերէնը «ճի՞շդ» է։

Սփիւռքահայը, որ շատ յաճախ կը կրէ բազմակի ինքնութիւն՝ ըլլալով միաժամանակ ֆրանսահայ, ամերիկահայ, լիբանանահայ եւ այլն, Երեւանի մէջ կը գտնէ այն եզակի վայրը, ուր ինք ուղղակի հայ է։ Քաղաքին մէջ անոր հայ ըլլալը բնական է, ո՛չ բացատրելի, ո՛չ պաշտպանելի։ Այդ հանգիստ համեմատութիւնը՝ ինքզինք զգալու տան մէջ, գրեթէ անբացատրելի արժէք մըն է շատերուն համար։

Շատ սփիւռքահայերու համար Երեւան այցելելը նաեւ անձնական ու ընտանեկան պատմութիւններու շարունակութիւնն է։ Յաճախ Երեւանը կ՚ըլլայ վերջին կայանը ընտանիքի մը երկար ճանապարհորդութեան։ Իսկ վերջին տարիներուն ալ բազմաթիւ սփիւռաքահայերու համար պարտադիր դարձած է Հայաստանի մէջ ամուսնանալը, իրենց զաւակը կնքելը կամ կեանքի մէկ այլ կարեւոր իրադարձութիւն հայրենիքին մէջ տօնելը։ 

Սփիւռքահայերը նաեւ կը սիրեն Երեւանը, որովհետեւ կը տեսնեն քաղաք մը, ուր կրնան ներդրում ընել, նպաստել անոր զարգացումին։ Պարտադիր չէ ատիկա ըլլայ նիւթապէս, այլ՝ միտքով, հոգիով, փորձառութեամբ։ Շատեր կը վերադառնան որպէս կամաւորներ, ուսուցիչներ, գործարարներ։ Երեւանը կը դառնայ վայր մը, ուր անոնք կրնան զգալ, թէ իրենք իսկապէս մաս կը կազմեն հայրենիքի ապագային։

ՆԵՂՈՒԹԻՒՆՆԵՐ

Այո՛, Երեւանը սիրուած է շատերու կողմէ, բայց սիրելիներուն մէջ ալ կան բաներ, որոնք երբեմն կը նեղացնեն։ Քաղաք մը ամբողջութեամբ սիրել՝ կը նշանակէ նաեւ անկեղծ ըլլալ անոր թերութիւններուն նկատմամբ։

Եթէ զբօսաշրջիկը միայն կարճ ժամանակով այցելելու կու գայ Երեւան, ապա կան անպատեհութիւններ, զորս տեղացիի կեանքը ամբողջ տարին կը խանգարեն։

Ճամբաներու եւ երթեւեկի խճճուածութիւնը ատոնցմէ մէկն է։ 

Երեւանի մէջ երթեւեկը յաճախ անկանխատեսելի է։ Խճողուած ժամերը, կայանելու անկարգութիւնները սկսած են շատնալ, ինչ որ շփոթութեան կրնայ մատնել զբօսաշրջիկները եւ զանոնք նեղացնել, քանի որ քայլելու տեղերը միշտ չեն պաշտպան-ւած երթեւեկէն։

Շրջաններուն անունները յաճախ կը բացակային, վարորդները անգլերէն կամ այլ լեզու չեն խօսիր, իսկ վճարային համակարգը միշտ թափանցիկ չէ։ Վերջին շրջանին հանրաշարժերու թուային վճարումի ձեւը տակաւին թերի է եւ անընդհատ խանգարումներ կ՚ունենայ։

Մայրաքաղաքի անպատեհութիւններէն մէկը բաց շինարարութիւնն է եւ շինարարութեան հրապարակներէն թափառող փոշին։ Քաղաքի վերանորոգման ընթացքին երբեմն հին թաղամասեր, հնութիւն ունեցող կառոյցներ կը քանդուին առանց պահպանման կամ մշակութային հսկողութեան։ Ասիկա մայրաքաղաքի պատմական հոգին մասամբ կը նօսրացնէ, կը ցաւցնէ՝ յատկապէս այն այցելուները, որոնք փնտռեն քաղաքի հին շունչը։

Երեւանը անընդհատ կը կառուցուի։ Ասիկա լաւ բան է զարգացման տեսանկիւնէն, բայց այդ անաւարտ շինարարութիւնները, փոշին եւ աղմուկը քաղաքը կը դարձնեն բացարձակ հանգստի համար անյարմարաւէտ։

Զբօսաշրջիկը կրնայ նեղութիւն զգալ նաեւ գնային անհաւասարութէնէն։

Վերջին տարիներուն որոշ ապրանքներու եւ ծառայութիւններու գիներ աւելցած են՝ յատկապէս ճաշարաններու, զբօսաշրջային գօտիներու մէջ։ Շատ սփիւռքահայեր կամ տեղացիներ կը նշեն, որ գինը միշտ չի համապատասխաներ որակին։

Բայց… այս ամէն ինչին հետ, քաղաքը սիրելու պատճառները աւելի շատ են։

Նոյնիսկ փոշոտ մայթին վրայ, քաղաքը կրնայ ժպտիլ՝ անցնող պապիկի խօսքին, բաց պատուհանէն հնչող երաժշտութեան ձայնին կամ նոյնիսկ անծանօթ մէկու մը կող-մէ առաջարկուած մէկ գաւաթ սուրճին հետ։

Եւ վերջ ի վերջոյ՝ սէրը միշտ ալ քիչ մը համբերութիւն կ՚ենթադրէ։

Քաղաքը լայն կը բացուի զբօսաշրջիկին առջեւ, առանց կաշկանդումի։ Երեւանը սիրելի կը դառնայ՝ ո՛չ թէ որովհետեւ ինք մէկ ճշդուած ճամբով կը ներկայացնէ զանազան տեսարժան վայրեր, այլ որովհետեւ ան իրական է։ 

Երեւանը իրական է իր անցեալով, իր ներկայով ու իր ապագայի հաւատքով։ Այստեղ ամէն օրը նոր գծուած պատմութիւն մըն է՝ արեւոտ մայթի մը վրայ, ուր տեղացի մը ժպտալով կ՚անցնի օտարի քովէն։ Այդ իսկ պատճառով է, որ զբօսաշրջիկները կը վերադառնան Երեւան, գուցէ ո՛չ ֆիզիքապէս, բայց անպայման՝ միտքով եւ յիշողութիւններով։

ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ

Երեւան

Հինգշաբթի, Օգոստոս 7, 2025