ԲԼԻԹ ՄԱՅԹԻՆ ՎՐԱՅ

Արդեօք պատահականութի՞ւն էր, որ ես անոր հանդիպեցայ, հիմա, նոյն այն տեղը, ուր առաջին անգամ դիտեցի զինք;

Այնտեղ կքած էր: Կարծէք մինչեւ այսօր այդպէս է. իր սեւ ու կոշտ մազերով, իր շողացող աչքերը՝ յուսահատ փափաքով մը, կռացած իր փայտէ սնտուկին վրայ, ուշադրութեամբ կը նայի շքեղ կօշիկի փայլին…: Մէկ տարի առաջ անոր պատկերը յաջողեցաւ ինքզինք փորաքրել իմ գլուխիս ոսկորին մէջ, երբ տեսայ զինք նոյն այդ անկիւնը՝ ոչ մէկ անսովորական բան, բացի անկէ, որ տասն տարի առաջ ես կը գրաւէի այդ անկիւնը, երբ վիճակը շա՜տ ծանր էր եւ կօշիկներ սրբելու իմ ձեւս՝ շա՜տ կը նմանէր սրբելու իր ձեւին: Կօշիկը ինծի համար ամէն ինչ էր աշխարհին մէջ. անոր գլուխն ու կրունկը երկու պաղ ձողեր էին, եւ այս երկու ձողերուն միջեւ կ՚ամփոփուէր ամբողջ աշխարհս:

Մէկ տարի առաջ երբ իր մօտէն անցայ, անոր շրթունքները մեքենական ցուցադրութիւն մը կատարեցին, առանց անոր աչքերը կօշիկին նայելու:

-Կրնամ զայն հայելիի վերածել, պարոն…:

Անձնական դրդումով մը, որ երկար ամիսներու ցաւս կրնար փոխարինել, մէկ ոտքս կեդրոնացուցի սնտուկի կողքին եղող ձողին վրայ, ուր յաջողեցայ նկատել քրտինքի երկա՜ր գիծ մը, որ թրջած էր անոր կապոյտ աղտոտած շապիկը, իսկ անոր ուսերուն մկանները կը պրկուէին ու կը թուլնային, իսկ անոր գլուխը կանոնաւորութեամբ կը ցնցուէր…:

-Ասիկա արժան կօշիկ մըն է…:

Բնա՛ւ անարգանք չզգացի, որովհետեւ զգացումս նոյնն էր, երբ ես ալ արժան կօշիկ մը տեսնէի, սակայն ես չէի արտայայտեր զգացածս այսքան պարզութեամբ: Արժան կօշիկը զգացնել կու տար ինծի մութ մօտիկութիւն մը իմ եւ աշխարհին միջեւ…: Հակառակ ատոր, փափաքեցայ խօսակցութեան նիւթը փոխել…:

-Քանի՞ տարեկան ես:

-Տասնմէկ տարեկան…:

-Պաղեստինցի՞ ես:

Առանց պատասխանելու գլուխը շարժեց կօշիկին վրայ եւ զգացի, թէ փոքրիկ ամչկոտութեամբ մը զգացում մը կը պահէր…:

-Ո՞ւր կը բնակիս:

-Վրաններուն մէջ:

-Հօ՞րդ հետ:

-Ո՛չ, մօրս…:

-Դուն աշակերտ ես, այնպէս չէ՞:

-Այո:

Ան բութ մատով թեթեւակիօրէն դպաւ ներբանին, ապա վճիտ աչքերով նայեցաւ ինծի՝ ափը դէպի ինծի երկարած: Կոկորդիս մէջ թեթեւ ափսոսանք մը զգացի եւ երկու սուր զգացումներ տիրեցին վրաս. անոր միայն իր վա՞րձքը տամ, թէ՞ աւելցնեմ վրան: Երբ ինծի միայն իմ վարձքս կու տային՝ աշխատանքիս արժանապատուութիւնը կը զգայի, սակայն, երբ ինծի յաւելեալ նուէր կը տրուէր, կ՚ընդունէի զայն, բայց անարգանքի զգացումը կը բարդուէր այն ուրախութեանս վրայ՝ թէ յաւելեալ գումար ստացայ:

Ես շրջուեցայ անկիւնէն՝ խուսափելով անոր հայեացքէն, որ կը ցաւցնէր կռնակս այն պատճառով, որ անոր միայն իր վարձքը տուի… Բայց երբ ետեւ նայեցայ, ան արդէն իր հայեացքը շրջած էր եւ կը շարունակէր փողոցին նայիլ՝ փափաքելով ուրիշ կօշիկ մը որսալ…:

Համիտին հետ կապս այս տեսարանով չէր աւարտած: Մէկ ամիս չէր անցած, երբ անօթեւաններու դպրոցներէն մէկուն ուսուցիչ նշանակուեցայ: Երբ առաջին անգամ դասարանէն ներս մտայ՝ տեսայ, որ ան առաջին նստարանին վրայ նստած էր: Անոր սեւ ու կոշտ մազերը նախկինէն աւելի կարճ էին, իսկ անոր մաշած շապիկը ձախողած փորձ մըն էր՝ իր մերկութիւնը ծածկելու…: Անոր աչքերը տակաին կը փայլէին յուսահատ փափաքով…:

Ուրախացայ, որ ան չճանչցաւ զիս, հակառակ անոր որ բնական է, թէ կօշիկ սրբողը մոռնայ իր անցորդ յաճախորդները: Ամբողջ սիրտով կը վախնայի, որ ան յիշէր զիս եւ եթէ յիշէր, ապա ներկայութիւնս դասարնէն ներս անպայմանօրէն ամօթալի պիտի ըլլար…: Առաջին դասիս ամբողջ տեւողութեան ընթացքին ի զուր կը փորձէի աչքերս հեռացնել անոր դէմքէն, որ զգօնութեան փոքր անհանգստութեան արտայայտութեամբ ծածկուած էր: Ամբողջ դասարանը Համիտի նմաններով լեցուն էր. փոքրիկներ, որոնք անհամբեր կը սպասէին վերջին զանգի ձայնին, որպէսզի շտապէին Դամասկոսի մեծ անյայտութեան ընդարձակ նրբանցքները, պայքարելով մայրամուտին դէմ՝ ընթրիքը ճարելու համար…: Անոնք անհամբեր կը սպասէին զանգին, որպէսզի սփռուէին մոխրագոյն պաղ երկինքին տակ եւ իրենցմէ իւրաքանչիւրը իրեն յատուկ կեանքը կ՚ապրէր…: Անոնք կը վերադառնային, երբ գիշերը իջնէր իրենց վրաններուն կամ ցեխէ տուներուն վրայ, ուր ընտանիքը լուռ կը հաւաքուէր ամբողջ գիշերը, բացառութեամբ խեղդող հազի ձայներուն: Կը զգայի, թէ կը դասաւանդէի իրենց տարիքէն մեծ, շա՜տ մեծ երեխաներու, որոնցմէ իւրաքանչիւրը կայծ մըն էր, որ կը բխէր կեանքին հետ դաժան բախումէն: Դասարանէն ներս անոնց բոլորին աչքերը կը յապաղէին որպէս փոքրիկ պատուհաններ՝ բացուող դէպի անյայտ աշխարհներ, որոնք գունաւորուած էին մուգ գոյներով: Անոնց բարակ շրթունքները իրարու սեղմուած էին, կարծես կը հրաժարէին բաժնուիլ, վախնալով, որ անհամար հայհոյանքներ արձակուէին, առանց կարենալ զսպելու զանոնք… Դասարանը, արդարեւ, փոքրիկ աշխարհ մըն էր…, տառապանքի կոյտի աշխարհ մը, որը սակայն հերոսական տառապանք էր: Անոնց միջեւ որոշ օտարութիւն մը կը զգայի… Այս զգացումը ինծի բուռն զգացում մը տուաւ, որպէսզի փորձեմ կարելիութեանս չափ անոնց սիրտերուն հասնիլ…:

Համիտը միջին խելացութեամբ երեխայ մըն էր, սակայն բնա՛ւ չէր սորվեր… Մնայուն կերպով կը փորձէի մղել զինք, որպէսզի սորվի, սակայն ոչ մէկ օգուտ կու տար փորձս…:

-Համիտ, մի՛ ըսեր ինծի, թէ գիրք կը բանաս տունդ…, դուն բնա՛ւ չես սորվիր:

-Այո՛, պարոն:

-Ինչո՞ւ չես սորվիր:

- Որովհետեւ կ՚աշխատիմ:

-Մինչեւ ե՞րբ կ՚աշխատիս:

Եւ տխուր ու լայն աչքերը կը նային, մինչ փոքրիկ ու աղտոտ մատները իրարանցումով կը դառնան…, ապա յուսահատած ձայնով մը կը փսփսայ.

-Մինչեւ կէս գիշեր…, պարոն…: Սինեմայէն դուրս եկողները բլիթներս կը գնեն՝ եթէ սպասեմ անոնց…:

-Բլի՞թ: Դուն բլի՞թ կը ծախես:

Իր ձայնը փսփսացող ամաչկոտութեամբ կը պատասխանէ.

-Այո՛, պարոն… Բլիթ…:

-Ես կը կարծէի…: Ո՛չ, տեղդ վերադարձիր… Վերադարձի՛ր:

Այդ օրը ամբողջ գիշերը կը պատկերացնէի այդ խեղճ տղան, որ ոտաբոպիկ կը շրջէր Դամասկոսի մաքուր փողոցներուն մէջ, սպասելով, որ սինեմա գացողները դուրս գան…: Հոկտեմբեր էր եւ այդ գիշեր կ՚անձրեւէր…: Պատկերացուցի, որ ան անկիւն մը կանգնած էր, կը դողար փոթորիկի մէջ դողացող փետուրի մը նման, ուսերը ինչքան կրնայ՝ իրարու մօտեցուցած, ափերը խոթած պատռած հագուստին մէջ, միաժամանակ նայելով իր առջեւ դրուած բլիթի ամանին…, սպասելով սրահէն դուրս եկող մէկու մը, որ անօթի է, որպէսզի բլիթ գնէ… երկու հոգի, երեք…, եւ բերանը յուսահատ ժպիտով մը կը լայննայ, եւ դարձեալ հոկտեմբերի ջրորդաններուն կը նայի:

Յաջորդ օրը զինք դասարանէն ներս տեսայ. անքունութիւնը կ՚ուտէր իր աչքերը, իսկ գլուխը երբեմն-երբեմն կը կախուէր իր կուրծքին վրայ, որ շատ դժուարութեամբ կը կարենար բարձրացնել:

-Համիտ, կ՚ուզե՞ս քնանալ:

-Ո՛չ, պարոն…:

-Եթէ քնանալ կ՚ուզես, քեզ ուսուցչարան պիտի տանիմ…:

-Ո՛չ, պարոն…:

Սակայն, շա՜տ յոգնած կ՚երեւէր, եւ այսպսիով, զինք առաջնորդեցի ուսուցչարան: Մերկ սենեակ մըն էր, ունէր միայն նկար մը, որ գծագրութեան ձախող ուսուցիչը գծած էր՝ աշակերտներու ներկերուն մնացորդով, իսկ ծանր նստարանները տարածուած էին խոնաւ պատերուն տակ եւ սեղանի մը շուրջ, ուր հաւաքուած էին գիրքեր ու տետրակներ: Համիտը սենեակի դրան մօտ կանգնեցաւ, տարօրինակ զգացում մը կը զգար, քիչ մը մտահոգ էր, իսկ գլխարկը կը պտտէր փոքրիկ մատներուն մէջ, աչքերն ալ փոխն ի փոխ կը նայէին ինծի եւ սենեակին…

-Որեւէ մէկ նստարանի վրայ քնացիր. վառարանին մէջ փայտ պիտի դնենք:

Դանդաղ շարժուեցաւ դէպի ամենէն մօտիկ նստարանը եւ կէս նստիլ մը նստաւ վրայ, մինչ իր աչքերը փայլեցան տաքութեան ուրախութեամբ:

-Երէկ գիշեր շատ բլիթներ ծախեցի՞ր:

-Ո՛չ այդքան…

Անոր ձայնին մէջ խորունկ ափսոսանքի հնչիւն մը կար, իսկ անոր դէմքը կը դողար.

-Ինչո՞ւ:

-Քնացայ, քնացայ ֆիլմին աւարտելուն ժամանակ եւ երբ արթնցայ, ամէն ինչ վերջացած էր:

-Հիմա քնացիր, ես դասարան պիտի վերադառնամ:

Չեմ գիտեր ինչպէս աւարտեցի դասս. տարօրինակ մտահոգութիւն մը կը զգայի, կը վախնայի, որ աշակերտներուն առջեւ յանկարծ պիտի սկսիմ լալ:

Զբօսանքին, Համիտը խորունկ քունի մէջ էր եւ անոր փոքրիկ քիթը պաղութեան պատճառով կապոյտ էր, սակայն արիւնը սկսած էր վերադառնալ անոր այտերուն: Ուսուցիչներէն ո՛չ ոք որեւէ մէկ հարցում հարցուցին, որովհետեւ նմանատիպ բազմաթիւ դէպքեր կը պատահին ամէն օր եւ բոլորն ալ բաւարարուեցան լռութեամբ իրենց թէյը խմել:

(12-րդ անկողինին մահը)

•շար. 1

ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ

Վաղարշապատ

 

Չորեքշաբթի, Օգոստոս 6, 2025