«ՀԱՅ ԿԻՆԸ ԵՒ ԸՆՏԱՆԵԿԱՆ ԿԵԱՆՔԸ» ԽՈՐԱԳՐԵԱԼ ԲԱՆԱԽՕՍՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒ ՇԱՐՔԻ ԱՌԱՋԻՆ ՁԵՌՆԱՐԿԸ
Թուրքիոյ Կաթողիկէ Հայոց Վիճակաւոր Տ. Լեւոն Արք. Զէքիեան ներկայիս ձեռնարկած է բանախօսութիւններու շարքի մը՝ «Հայ կինը եւ ընտանեկան կեանքը» խորագրին ներքեւ։ Երէկ երեկոյեան Սուրբ Յակոբ հիւանդանոցի յարակից ակումբին մէջ տեղի ունեցաւ այս բանախօսութիւններու շարքի առաջին ձեռնարկը։ Զէքիեան Գերապայծառ խօսեցաւ պատմութեան ամբողջին մէջ հայ կանանց եւ անոնց հասկացութիւններուն մասին։
Գրեց՝ ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ
Euronews-ի կայքէջը դրուատիքը կը հիւսէ Մխիթարեան միաբանութեան Վենետիկի վանքին՝ Սուրբ Ղազարին՝ որպէս Եւրոպայի ժառանգութեան մաս:
Տեսակցեցաւ՝ ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ
Շաբաթավերջին Մխիթարեան վարժարանին մէջ տեղի ունեցաւ անմոռանալի նկարչուհի Քրիստին Սալէրիի յիշատակին կազմակերպուած միջվարժարանային նկարչութեան մրցոյթը։ Ինչպէս ծանօթ է, Քրիստին Սալէրիի մահէն վերջ իր հարազատները հիմնեցին հիմնարկ մը, որու գործունէութիւնը հետամուտ է մեծանուն նկարչուհիի յիշատակը յաւերժացնելու եւ անոր ժառանգը սերունդներուն փոխանցելու։
ՍՈՒՐԷՆ ՇԷՐԻՔ
Համակրելի մեներգչուհի Սիպիլի երաժշտական աշխարհէն ներս արձանագրած յաջողութիւնները կը շարունակեն լայն արձագանգ ստեղծել զանգուածային լրատուութեան միջոցներուն մօտ։ Վերջին օրերուն «Էօնճէ Վաթան» թերթը անդրադարձաւ Սիպիլի վերելքին։
Գրեց՝ ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ
Տեսակցեցաւ՝ ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ
Թուրքիոյ Հայ Կաթողիկէ Հասարակութեան Վիճակաւոր Տ. Լեւոն Արք. Զէքիեան երէկ Ս. Պատարագ մատոյց Բանկալթիի Լատին կաթոլիկներու գերեզմանատան մատրան մէջ։ Ս. Պատարագէն վերջ տեղի ունեցաւ նաեւ հոգեհանգստեան պաշտօն, որու ընթացքին ոգեկոչուեցան կանանց իրաւունքներու պաշտպան իգական սեռէ հայազգի մտաւորականներ, մասնաւորապէս Սրբուհի Տիւսաբ, ինչպէս նաեւ ի Տէր հանգած իգական սեռէ հայ բոլոր գրչի կամ կրթութեան մշակները։