TÜTÜN DEPOSU-Ի ՄԷՋ ԵՐԷԿ ԵՐԵԿՈՅԵԱՆ ՏԵՂԻ ՈՒՆԵՑԱՒ «102 ՔԱՅԼ» ՀԱՄԵՐԳԸ
Թոփհանէի Tütün Deposu-ի մէջ երէկ երեկոյեան տեղի ունեցաւ «102 քայլ» խորագրեալ համերգ մը, որ ձօնուած էր հայոց Մեծ եղեռնի 102-րդ տարելիցին։ Երաժշտասէրները մօտիկ հետաքրքրութիւն ցոյց տուին այս ձեռնարկին նկատմամբ, որ կազմակերպուած էր Music of Armenia-ի եւ Anadolu Kültür-ի համատեղ նախաձեռնութեամբ։
ԱԼԵՔՍ ՍՐԿ. ԳԱԼԱՅՃԵԱՆ
Տեսակցեցաւ՝ ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ
Գրեց՝ ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ
ՏՔԹ. ՀՐԱՅՐ ՃԷՊԷՃԵԱՆ
Երեւանի Պետական համալսարանի (ԵՊՀ) Հայկական բանասիրութեան ֆաքիւլթէէն ներս նախընթաց օր տեղի ունեցաւ՝ «Երեւանի Պետական համալսարան (95-ամեակ). երախտաւոր դասախօսներ (դիմաքանդակային հպումներ)» խորագրեալ գրքին շնորհանդէսը։ Հարկ է նշել, որ այս գիրքին հեղինակն է լիբանանահայ հրապարակագիր ու գրականագէտ Պարոյր Աղպաշեան։
Սուրբ Փրկիչ Ազգային հիւանդանոցի մէջ վերջին օրերուն ԶԻՊԷՉ-ի ընտանիքին համար կազմակերպուեցաւ Ս. Զատկի խրախճանք մը։ Հոգաբարձութեան անդամներէն Կարպիս Փոլատի ներկայութեամբ տեղի ունեցաւ այս հաւաքոյթը, որու կազմակերպչական աշխատանքները իրականացուեցան ընդհանուր քարտուղարուհի Սիլվա Թրիքայի կողմէ։ Կարպիս Փոլատ զատկուան կարմիր հաւկիթներ յանձնեց ԶԻՊԷՉ-ի աշակերտներուն, որոնք հաճելի ժամանց ունեցան իրենց պատասխանատուներուն ներկայութեան։
ՃՀՓ-ի Իսթանպուլի մասնաճիւղի ղեկավարութիւնը երէկ պահքի սեղան մը սարքեց քաղաքիս փոքրամասնութիւններու ներկայացուցիչներուն համար։ Շիշլիի «Մարիոթ» պանդոկին մէջ տեղի ունեցաւ այս հաւաքոյթը, որ անցաւ հաճելի մթնոլորտի մը մէջ։
Տեսակցեցաւ՝ ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ