«ՀԱՅԿԱԿԱՆ ՊԱՏՄԱՄՇԱԿՈՒԹԱՅԻՆ ԱՐԺԷՔՆԵՐԸ ՄԵՐՁԱՒՈՐ ՍՓԻՒՌՔԻ ՄԷՋ» ՆԻՒԹՈՎ ՔՆՆԱՐԿՈՒՄ
Հայաստանի Սփիւռքի նախարարութենէն ներս երէկ տեղի ունեցաւ՝ «Հայկական պատմամշակութային արժէքները մերձաւոր Սփիւռքէ ներս» նիւթին վերաբերեալ քննարկում մը։ Օրուան գլխաւոր բանախօսն էր յուշարձանագէտ Սամուէլ Կարապետեան, որ կը ղեկավարէ Հայկական ճարտարապետութիւնը ուսումնասիրող հիմնարկը։
Տեսակցեցաւ՝ ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ
Երէկ, հաճոյքն ունեցանք խմբագրատանս մէջ հիւրընկալելու Մխիթարեան վարժարանի լիսէի բաժնի տնօրէնուհի Եւա Օրագեանն ու համանուն միաբանութեան Իսթանպուլի վանատան Մատակարար մարմնի աշխոյժ անդամներէն Սօնա Մորպոյաճըն։ Մխիթարեանի ընտանիքը այս շաբաթավերջին պիտի համախմբուի տարեկան աւանդական խաւիծի օրուան առթիւ։
ՇՈՒՇԻԿ ՄԱՒԻՍԱԳԱԼԵԱՆ
Երեւանի Ա. միջազգային օփերայի փառատօնին Գեղամ Գրիգորեանի ձօնուած ծրագիրը հասաւ աւարտին:
«Մարալ» երգի-պարի միութիւնը երէկ երեկոյեան հերթական անգամ ներկայացուց «Արա եւ Շամիրամ»ը։ Շիշլիի քաղաքապետութեան առընթեր «Քենթ» մշակոյթի միութեան երդիքին տակ տեղի ունեցաւ երեկոյթը, որ կազմակերպուած էր Հայ մշակոյթի եւ զօրակցութեան միութեան համագործակցութեամբ։
«Եւրոտեսիլ-2017» երգի մրցոյթին Հայաստանը պիտի ներկայացնէ մեներգչուհի Արծուիկ Յարութիւնեան, որ երէկ մամլոյ ասուլիս մը սարքեց Երեւանի մէջ։ «Արմէնփրէս» գործակալութեան հաղորդումներով, ան ամփոփ տեղեկութիւններ տուաւ նախապատրաստական աշխատանքներուն շուրջ եւ ընդգծեց, թէ պիտի ջանայ ընել լաւագոյնը։
Գրեց՝ ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ
«Լվովի հայկական տաճարի վերածնունդը»՝ կը մատուցուի գեղարուեստական բարձր ճաշակով:
Գրեց՝ ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ