ԱՅՐԻ ԿՆՈՋ ԵՐԿՈՒ ԼՈՒՄԱՆ
ԱԼԵՔՍ ՍՐԿ. ԳԱԼԱՅՃԵԱՆ
«Միւսները բոլորն ալ իրենց աւելորդ գումարներէն նուիրեցին Աստուծոյ, մինչ անիկա՝ հակառակ կարօտեալ ըլլալուն, իր ամբողջ ապրուստը նետեց» (Ղկ 21.4)։
Ինքնատուչութիւն, ինքնամատոյց եւ ինքնընծայում բառերը որքա՜ն կը պատշաճին իսկատիպ քրիստոնեային ապրելակերպին ու նկարագրին, որ իր համակ կեանքն ու ողջ էութիւնը ողողած ու ջրդեղած է քրիստասաբոյր խօսքերով։ Խօսքեր, որոնք ո՛չ միայն քրիստոնէական կրօնքին հենքն ու կիզակէտը կը կազմեն, այլեւ՝ մարդկային փոխյարաբերական եւ ընկերային կեանքին մէջ փոխվստահութիւնը ամրապնդող ու փոխադարձ սէրը հիմնաւորող ազդակներ են։