ԶԱՐՄԱՆԱԼԻ ՆՄԱՆՈՒԹԻՒՆՆԵՐ. BBC-Ի ԱՆԴՐԱԴԱՐՁԸ
Գրեց՝ ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ
BBC-ի ճամբորդական բաժնի վերջին անդրադարձներէն մէկը, որ նուիրուած էր հայերու եւ պասքերու նմանութիւններուն, քննարկուեցաւ նաեւ հայկական մամուլին մէջ: Յօդուածագիր Ճասթին Քալթերոն անդրադարձած է հայերու ու պասքերու մշակոյթին, լեզուին եւ եղած նմանութիւններուն: