90 ՏԱՐԵԿԱՆ ՏԱՐԵՑՈՅՑԸ
Գրեց՝ ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ
Թէոդիկի «Ամէնուն տարեցոյցը» խորագրով հայկական կեանքի եւ մշակոյթի բացառիկ համայնագիտարանները մեր մշակոյթի գանձերէն են, բացառիկ երեւոյթ՝ հայ մամուլի պատմութեան մէջ: Այս տարեցոյցերը, զորս Թէոդիկ 1907 թուականէն Պոլսոյ մէջ սկսած է տպել, բացի պատմաբանասիրական արժէք ունենալէ, նաեւ լայն ժողովրդականութիւն վայելած են: