ԱՂՄՈՒԿ ԵՒ ՄՐՑԱՆԱԿ
Գրեց՝ ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ
Ամէն տարի հոկտեմբեր ամսուն սկիզբը Սթոքհոլմի մէջ Շուէտի Թագաւորական ակադեմիան կը յայտարարէ աշխարհի ամենանշանաւոր մրցանակը ստացողներուն՝ Նոպէլեան մրցանակակիրներուն անունները: Արդէն յայտնի են բոլոր բնագաւառներէն ներս տրուած մրցանակներուն տէրերը: